Արցախեան Շարժումի Ոգին Վերակենդանացնելով` Շարժինք Առաջ

Արցախեան շարժումը, արցախեան ազատագրական պայքարը մեր պատմական անցեալի փառապսակ օրերէն մեզ հասած ժառանգութիւն չէ: Մենք ենք անոր ժամանակակիցը, մենք ենք անոր վկաները:

Սակայն ո՞վ մեզ համոզեց, որ արցախեան շարժումի ոգին այլեւս կարելի է մէկդի դնել, որովհետեւ նոր ժամանակներ են, նոր խնդիրներով: Վերջապէս, այլեւս պետականութիւն պէտք է կառուցէինք, եւ շարժումի ոգին կրնար խանգարել այդ գործընթացը:

Սխալեցանք, թուլացանք ու կորսնցուցինք այն ամէնը, որ հրաշալի էր, հրաշագործ էր, որ աներեւակայելի դիմադրականութեամբ, անսահման ուժով օժտած էր մեր ազգը, մեր ժողովուրդը:

Թուլացանք եւ ընկրկեցանք արդար, բարգաւաճ Հայաստան կառուցելու մեր ճամբուն վրայ: Տկարացանք ու թոյլ տուինք, որ փտածութիւնը քաղցկեղի նման տարածուի եւ քայքայէ մեր տոկունութիւնը, ջլատէ մեր ուժը, այլասերէ մեր երազը:

Արցախեան շարժումը փառաւորելու, մարտադաշտի թէ հրապարակներու վրայ անոր իրագործած խոյանքները պանծացնելու պարտքը մե՛րն է, բայց այդ պարտքի իրականացումով չենք կրնար բաւարարուիլ: Հիմա այդ ոգին վերականգնելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք Թատերական հրապարակէն մինչեւ Գիւմրի, մինչեւ Կապան: Նաեւ` այստեղ, եւ համայն հայկական աշխարհի տարածքին:

Կ՛արժէ մեր ամբողջ ուժը, ներուժը կեդրոնացնենք այդ ոգիի վերականգնման ճիգերուն վրայ, որովհետեւ այդ ոգիին ստեղծած թափով վստահաբար պիտի հասնինք մեր ազգային կարեւորագոյն օրակարգերու լուծման:

Պիտի կարենանք մաքրել մենք մեզ ամէն տեսակի պարտուողական բարդոյթներէն,
Պիտի կարենանք անհանդուրժող ու վճռական պայքար տանիլ փտած պաշտօնէութեան, փտած համակարգին դէմ,
Պիտի կարենանք յաղթական աւարտին հասցնել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը,
Պիտի կարենանք ծաղկեցնել արցախեան հովիտները, ազատագրուած տարածքի իւրաքանչիւր թիզը,
Պիտի կարենանք Հայաստանի սահմանամերձ գօտիները վերածել հզօր ամրաբերդերու` թշնամական ամէն տեսակի սադրանք սփռող բնակավայրերու:
Պիտի կարենանք տէր կանգնիլ մեր Դատին` մեր պահանջատիրութիւնը դարձնելով միջազգային կառոյցներու օրակարգի հրատապ նիւթերէն մէկը:
Պիտի կարենանք աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերը կեդրոնացնել ազգային հիմնական խնդիրներու լուծման վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )