«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Համաձայն Սէուտական Արաբիա Ֆինանսաւորած Է Խրուաթեան Զէնքերու Առաքումը Սուրիացի Ընդդիմադիրներուն
Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը ամերիկացի եւ արեւմուտքցի պատասխանատուներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ֆինանսաւորած է խրուաթեան արտադրութեամբ զէնքերու առաքումը Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նշեալ զէնքերը Յորդանանի ճամբով անցնելով դեկտեմբերին հասած են սուրիացի ընդդիմադիրներու ձեռքը եւ դրական ազդեցութիւն ունեցած են անոնց յառաջընթացին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

