Զբօսաշրջային Օդապարիկ Մը Կը Պատճառէ Քսան Զոհ
Եգիպտական «Տասթուր» թերթին համաձայն, բրիտանացի զբօսաշրջիկ մըն ալ զոհ գացած է Եգիպտոսի հարաւային պատմական Լոքսոր շրջանին վերեւը «շրջող» օդապարիկի արկածին:
«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, հրդեհ մը կանխած է 300 մեթր բարձրութեան վրայ շրջող օդապարիկին մէջ պատահած պայթումը:
21 զբօսաշրջիկ փոխադրող օդապարիկէն միայն երկու հոգի փրկուած են: Արկածին պատճառով Լոքսորի նահանգապետը առկախած է փուչիկներու եւ օդապարիկներու ընկերութեանց գործունէութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային

