Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ պէտք է անպայման ապահովել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ թղթածրարը խորհրդարան փոխանցել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հաւանական յետաձգման մասին լուրերը մտահոգիչ են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիական ազատ բանակի անդամներ նշմարուած են Արսալի մօտակայքը` Սուրիա-Լիբանան սահմանամերձ շրջանին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարել եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակը դիրքաւորել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ երկխօսութիւնը անխուսափելի է` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն մասնակցելու ազգային երկխօսութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէներուն չէ արժանացած եւ ոչ ալ սահմանադրական մեծամասնութիւն կը վայելէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կարելի չըլլայ սպաննել, ապա ան պիտի սպաննէ Լիբանանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքը շատ աւելի հզօր է, քան ընտրական որեւէ օրէնք: