Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Ռուսիա

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Ռուսիա:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համախոհութիւն մը գոյացնեն ընտրական օրէնքի մը շուրջ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը իրենք քննարկած են ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող օրինագիծերուն շրջագիծին մէջ, սակայն աւելի ուշ գիտցած են, թէ այդ օրինագիծը վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ընտրական օրէնք մը մշակել` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն չափին համաձայն ձեւելով այդ օրէնքը:

Անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն, որոնց համար Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բաց գործադուլ եւ դասադուլ յայտարարած է, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ լուծել ապրուստի վերաբերող հարցերը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան կը գտնուէին հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:

 

Share this Article
CATEGORIES