Բանակը Պատրաստ Վիճակի Մէջ` Ուազանիի Մօտակայքը Նշմարուած Իսրայէլեան Շարժումներուն Դիմաց

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 10:10-ին, Ուազանիի մօտակայքը իսրայէլեան ուժերուն պատկանող շրջուն ջոկատ մը մօտեցաւ սահմանին:

Իսրայէլեան զօրամասին ուղեկցեցան «Համըր» տիպի երեք ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ «Մերքաւա» տիպի թնդանօթներ, որոնք սահմանային Կապոյտ գիծէն 100 մեթր դէպի հարաւ յառաջացած էին, ապա այդ ինքնաշարժներէն 15 զինուոր իջած էր եւ խուզարկած սահմանային շրջանը:

Ի տես իսրայէլեան ուժերուն ձեռնարկած այս շարժումներուն, լիբանանեան բանակը պատրաստ վիճակ որդեգրած էր եւ դիմած համապատասխան պաշտպանական գործառնութիւններուն` դիմադրելու համար սահմանային որեւէ խախտումի:

Սահմանային շրջան ժամանած էր նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէկ ջոկատը եւ իսկոյն անցած էր շարժումները հակակշիռի տակ առնելու առաքելութեան, որպէսզի կարելի ըլլար արգիլել կացութեան բարդացումը:

Share this Article
CATEGORIES