Զօր. Աուն. «Որեւէ Ընտրական Օրինագիծ, Որուն Արդիւնքները Ի Սկզբանէ Յստակ Կ՛ըլլան, Պիտի Մերժուի»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ ընտրական օրինագիծ, որուն արդիւնքները ի սկզբանէ յայտնի են:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ զիրենք վախցնել` աւելցնելով, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծէն պիտի չզիջին, եթէ անկէ աւելի լաւ օրինագիծ մը կարելի չըլլայ գտնել:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը հակասահմանադրական հռչակող կողմերը պէտք է սպասեն, որ իմանան անոր սահմանադրական ըլլալու իրականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

