Յովհաննէսեան Սկսաւ Մարզային Իր Բազմամարդ Հանդիպումներուն

Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ եւրոպացի պաշտօնատար Խոսէ Մանուէլ Պարոզոյի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձներուն յայտնեց, որ անթոյլատրելի է ոչ օրինական իշխանութեան ճանաչման միջոցով զիջումներու դիմել Լեռնային Ղարաբաղի կամ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին գծով:

«Ես կը դատապարտեմ այդ ճանաչումը… փաստօրէն կը հեգնէ, կը ծաղրէ հայ ժողովուրդի սահմանադրական իրաւունքի պարզ, աննախադէպ արտայայտութիւնը 18 փետրուարին: Հետաքրքրական է, որ ատիկա արտայայտուած է ոչ թէ նախագահի մակարդակով, այլ նոր արտաքին գործոց նախարարին մակարդակով: Ատիկա ինքնին արդէն ուշագրաւ է: Ես կ՛ակնկալեմ, որ վերանայումներ պիտի ըլլան: Եւ ի վերջոյ աշխարհի բոլոր պետութիւնները պիտի ճանչնան Հայաստանի ժողովուրդին յաղթանակը 18 փետրուարին», ընդգծեց Յովհաննէսեան:

Ժառանգութեան ղեկավարը երէկ այցելեց Արարատի եւ Արմաւիրի մարզեր եւ ժողովուրդին հետ հանդիպում ունեցաւ շարք մը մարզերու մէջ: Իր խօսքերուն ընդմէջէն ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու Սերժ Սարգսեանի յաղթանակը շնորհաւորելու քայլը եւ ընտրութիւններու արդիւնքները ճանչնալու որոշումները:

Արարատի մարզի Մասիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Յովհաննէսեան նշեց, որ պատրաստ է լսելու Սերժ Սարգսեանի բոլոր առաջարկները` այս համազգային տագնապը լուծելու եւ յաղթահարելու համար:

«Կ՛ուզէք խօսիլ` ես կը խօսիմ ձեզի հետ, ես չեմ վախնար երկխօսութենէն, բայց դուք` ինչպէս Ամերիկան, Ռուսիան, Եւրոպան, Չինաստանը պիտի ճանչնաք հայ ժողովուրդին կամքի արտայայտութիւնը: Հայ ժողովուրդը յաղթած է», յայտարարեց Յովհաննէսեան` հեռակայ դիմելով Հայաստանի նախագահին:

Իր խօսքերուն մէջ Ժառանգութեան ղեկավարը կը պնդէր, որ հակառակ «համատարած կեղծիքներուն, ամէնուր յաղթած է ժողովուրդը»: Ան ամէն տեղ կը բարձրացնէր մարզպետներու, քաղաքապետներու հրաժարականներու հարցը: Անդրադառնալով Արմաւիրի քաղաքապետի հրաժարականին` Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Ռուբէն Խլղաթեան ունեցաւ «գոնէ նուազագոյն տղամարդկութիւնը» եւ հրաժարական տուաւ:

Ան յայտարարեց, որ Խլղաթեանի օրինակով կը պահանջէ մարզպետին հրաժարականը:

Արտաշատի մէջ Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ «ամէնէն խայտառակ» լցոնումները եւ ընտրակեղծիքները եղան Արարատի մարզին մէջ:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան այսօր հանդիպումներ պիտի կատարէ Սիւնիքի մարզին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )