Ալեքս Ֆերկըսըն` Վերջին 16 Տարիներու Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) հրապարակեց վերջին 16 տարիներու աշխարհի լաւագոյն մարզիչներուն ցանկը:

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը նշէ, որ այդ ցանկը կը գլխաւորէ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ սըր Ալեքս Ֆերկըսըն, որ ապահոված է 254 կէտ:

Արսենալի մարզիչ Արսեն Վենկեր հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ժոզէ Մուրինիօ (Ռէալ Մատրիտ):

Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Ֆապիօ Քափելլօ, Մարչելօ Լիփիի, Վիչենթէ Տել Պոսքէ, Կուս Հիտինք, Օթմար Հիցֆելտ, Մարսելօ Պիելսան եւ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )