Ճատրակ. Քափել Լա Կրանտի Միջազգային Մրցաշարք. Սամուէլ Տէր Սահակեան Այլ Մասնակցողներու Հետ Կը Բաժնէ Առաջին Դիրքը
Ֆրանսական Քափել լա Կրանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, շարք մը խաղացողներ կը բաժնեն առաջին դիրքը` ապահովելով 3,5-ական կէտ:
Անոնց կարգին է նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Կրանտմասթըրներ Տիգրան Ղարամեան, Էլինա Դանիէլեան, ինչպէս նաեւ միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան, ապահոված են 3-ական կէտ:
Իրանեան Մաշհատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը իրենց մասնակցութիւնը բերող հայրենի ճատրակ խաղացողներ Արմինէ Բաբայեան եւ Սարգիս Մանուկեան առաւելագոյն 8 կէտէն ապահոված են 5-ական կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ է Օմիտ Նորուզի (Իրան), որ ունի 7,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական