Կերի Գասպարով Աշխարհի Ճատրակի Ախոյեանի Տիտղոսին Թեկնածու Կը Նկատէ Քարլսընը Եւ Արոնեանը

Աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի կարծիքով, աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի Մակնիւս Քարլսըն, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցը` Լեւոն Արոնեան:

Իր այս լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Գասպարովի խօսքերը, կ՛ըսէ. «Ճատրակի տրամաբանութենէն մեկնելով` Մակնիւս Քարլսընի հիմնական եւ գլխաւոր հակառակորդը` աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար, կարելի է նկատել Լեւոն Արոնեանը: Արոնեան շատ ժամանակ կը յատկացնէ ճատրակին, իսկ Հայաստանի մէջ ճատրակը բոլորին ուշադրութեան կեդրոնն է: Ան ունի հրաշալի խումբ մը: Նկատի ունենալով անոր տարիքը եւ յաղթելու ցանկութիւնը` Արոնեան Քարլսընի հիմնական մրցակիցն է»:

Գասպարովի համաձայն, անոնցմէ բացի, պէտք չէ մոռնալ նաեւ Վլատիմիր Քրամնիքը:

Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պիտի պայքարին 8 ճատրակ խաղացողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES