Հայաստանի Այքիքենտօ – Քարաթէի Հաւաքականը Տիրացաւ Վրաստանի Բաց Ախոյեանութեան Տիտղոսին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Այքիքենտօ – Քարաթէի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած բաց ախոյեանութեան, տիրացած է տիտղոսին` խմբային դասաւորման մէջ գրաւելով առաջին դիրքը:

Տարբեր տարիքային խումբերուն 23 հայ մարզիկները նուաճած են 6 ոսկի, 6 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալ:

Ոսկի մետալի տիրացած են` Տիգրան Դաւթեան, Սմբատ Սիրաւեան, Միքայէլ Կառավարիչեան, Արտակ Բալայեան, Օգսէն Վարդանեան եւ Վահան Ասարտեան:

Արձանագրուած այս արդիւնքին ի տես ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Արեգ Բարսեղեան ըսաւ. «Ինչպէս եւ նախատեսած էինք, այս ախոյեանութիւնը մեր հաւաքականին համար շատ լուրջ ստուգատես էր 2013 թուականին նախատեսուած շարք մը միջազգային մրցաշարքերէն առաջ: Արդէն ես այլ հրաւէր մըն ալ ստացած եմ Թիֆլիսի մէջ մասնակցելու Եւրօ-ասիական ախոյեանութեան: Այս մրցաշարքը մեզի կարելիութիւն տուաւ ծանօթանալու մեր ունեցած կարողութիւններուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES