Պօղոս Պօղոսեան. «Ծանրաբարձութեան Հաւաքականին Մէջ Լուրջ Փոփոխութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան»
Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հաւաքականին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան:
«Հաւաքականին մէջ լուրջ սերնդափոխութիւն պէտք է կատարուի: 2014-2015 տարիներուն երիտասարդ ծանրաբարձները պէտք է հանդէս գան տարբեր տեսակի կարեւոր ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու, որպէսզի 5-6 ողիմպիականի տոմս նուաճեն: Այս տարուան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը երիտասարդներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ մասնակցելու անոր: Անոնք, որոնք կ՛արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը, բնականաբար կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքը հաւաքականին մէջ», ըսաւ Պօղոսեան:
Նշենք, որ վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած մարզիկները այժմ Պօղոս Պօղոսեանի ուշադրութեան տակ են:
Սակայն այդ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը չբերեն Տիգրան Մարտիրոսեան եւ Առաքել Միրզոյեան (վիրաւոր):
Յառաջիկայ 8-14 ապրիլին Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան պատրաստուելու համար հաւաքականը պիտի կատարէ երկու հաւաք: Առաջինը նախատեսուած է 5-17 մարտին` Ծաղկաձորի մէջ: Երկրորդ հաւաքէն ետք է, որ պիտի որոշուին այն մարզիկները, որոնք ելոյթ պիտի ունենան Թիրանայի մէջ:

