Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ 3-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պարսելոնան` «Նու-Քամփ»-ի Մէջ

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քինկզ Քափ») կիսաւարտականի դարձի առաջին մրցումը, որ եղաւ Քլասիքոյի մրցում մը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ:

Կը կարծուէր, որ «Նու Քամփ»-ի այս մրցումին մայրաքաղաքի կազմը դժուարութեան դէմ յանդիման գտնէ ինքզինք` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին, իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Պարսայի հետ:

Սակայն պատահեցաւ ամբողջութեամբ հակառակը եւ Ռէալ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց հիւրընկալ կազմը եւ բնականաբար ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր պիտի մրցի Սեւիլլա – Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին յաղթականին դէմ:

Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ յաջորդական վեց «Քլասիքօ»-ի մրցումին` իր դաշտէն դուրս:

Ռոնալտօ, որ երէկուան մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (13-րդ` փենալթի-ով եւ 57-րդ), այսպիսով Ռէալ Մատրիտի միանալէն ետք (2009) Պարսելոնայի դէմ իր կատարած 18-րդ մրցումին ընթացքին նշանակեց իր 12-րդ կոլը:

Ռէալի երրորդ կոլը նշանակեց Ռաֆայէլ Վարանէ (68-րդ), իսկ Պարսելոնայի եւ մրցումին վերջին կոլը` Ժորտի Ալպա (89-րդ):

Նշենք, որ մարտ 2007-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Պարսելոնա իր դաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտէն երեք կոլ կը ստանայ:

Այդ տարին անոնց միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով:

Երէկուան այս մրցումին ներկայ էին 95 հազար հանդիսատեսներ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )