Հակառակ Պոլսոյ Մէջ Շրջուած Օթոպիւսին Հայաստանի Աթլեթիզմի Հաւաքականին Անդամները Անվնաս Դուրս Եկան
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթասկիզբին Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին բոլոր անդամները անվնաս դուրս եկան եւ հասան Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) գտնուող այն մրցավայրը, ուր տեղի ունեցան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները: Անոնք բոլորն ալ որեւէ վնասուածք չեն ստացած:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, հայ մարզիչներն ու մարզիկները փոխադրող օթոպիւսը շրջուած է, սակայն անոնք չեն վիրաւորուած: Ապա անոնց տրամադրուած է այլ օթոպիւս մը:
Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Նարինէ Շահբազեան ըսած է, որ այն տեղեկութիւնները, որոնք կ՛ըսեն, թէ անոնք փոխադրուած են հիւանդանոց, իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որ երէկ վերադարձաւ Երեւան, արձանագրեց ոչ այդքան փայլուն արդիւնք: Աղջկանց կազմը հանդիսացաւ 5-րդ, իսկ տղոցը` 9-րդ:
Հաւաքականին մէջ ընդգրկուած էին ընդամէնը 14 մարզիկներ: