Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Սաժես Եւ Շանվիլ 5-ական Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի Տուգանքի Ենթարկուեցան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, իր կեդրոնատեղիին մէջ նախքան իր կատարած հերթական ժողովին սկսիլը, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց յիշատակը Պըժժէի մարզիկ Ռոնի Ապու Ժաուտէին, որ մահացած էր նախորդ շաբաթ:

Ֆետերասիոնը ուրբաթ, 22 փետրուարին տեղի ունեցած Շանվիլ – Սաժես մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած հարցերը քննարկելէ ետք տուաւ հետեւեալ որոշումները.

Երկու խումբերն ալ 5-ական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան, որովհետեւ անոնց համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ իրարու հասցէին հայհոյանքներ տեղացուցին:

2 միլիոն եւ 200 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ Շանվիլի մարզիչ Ղասսան Սարգիս, որ ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցաւ:

Նկատի ունենալով, որ հիւր խումբի մը արտօնելի է 38 մարզիկով եւ համակիրով դաշտ ներկայանալ, սակայն Սաժես գերազանցեց 400-ը, ֆետերասիոնը որոշեց, որ Սաժես իր դաշտին վրայ կատարելիք իր երկու մրցումները կատարէ առանց իր համակիրներուն:

Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ իմանալ, թէ մարզիչներ Ղասսան Սարգիս եւ Էլի Նասսար ի՛նչ յայտարարութիւններ կատարեցին մամուլին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )