ՆՇՄԱՐ. ՀԱՅ ԵՐԿՍԵՌ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ Կ՛ՈՒԶԵՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ՅԱՃԱԽԱԿԻ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ կիրակի, Նազարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի:
Այս մրցաշարքէն առաջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ եղաւ նմանօրինակ քայլի դիմողը, իսկ անկէ առաջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ճատրակի միջդպրոցական մրցաշարքը:
Բնականաբար, ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպելը այդքան ալ դիւրին չէ եւ անիկա ունի իր դժուարութիւնները:
Սակայն այդ դժուարութիւնները պահ մը չքանան, երբ կազմակերպիչ յանձնախումբը մրցաշարքին աւարտէն ետք կը պարգեւատրէ մրցանակակիրները եւ գոհունակութիւն կը զգայ այդ մէկը կատարելով:
Մրցաշարքի մը մասնակցողներուն բոլորն ալ բնականաբար չեն պարգեւատրուիր, այլ` առաւելագոյն կէտ ապահովողները:
Կը տեսնուին ուրախ եւ տխուր դէմքեր, իսկ երբեմն ալ` արցունքոտ աչքեր:
Սակայն այդ տխուր դէմքերը քանի մը վայրկեանի համար են` նկատի ունենալով, որ այդ փոքրերը, կարճ ատեն մը ետք, կը մոռնան պատահածը եւ նոր «ճակատամարտ» մը սկսելու կը պատրաստուին:
Վերջին մրցաշարքին, որ եղաւ զուտ հայկական, մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը ուզեց (իրարու հետ զրուցելով), որ ճատրակի մրցաշարքերու կայացումը տեղի ունենայ յաճախակի դրութեամբ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնց մօտ մետալի կամ բաժակի տիրանալու մարմաջը մի՛շտ ալ կայ, հոգ չէ թէ անոնք տարբեր տեսակի մրցաշարքի մը ընթացքին նոյն արդիւնքը չեն արձանագրեր:
Արդեօք պէ՞տք է ընդառաջել հայ երկսեռ պատանիներուն առաջարկին, թէ ոչ անոնց խօսակցութիւնը դնել լուսանցքի ետին եւ պարզապէս անոնց փափաքին ընթացք տալ:
Ճատրակի մրցաշարքի մը կայացումը ոչ հսկայական գումարներու եւ ո՛չ ալ մարդուժի կը կարօտի:
Անոր կայացումին համար պէտք է գտնել հովանաւորող անձ մը միայն եւ մնացեալը կ՛ընթանայ շատ դիւրութեամբ:
Եթէ կ՛ուզենք, որ հայ պատանիները մի՛շտ լաւ արդիւնք արձանագրեն, պէտք է բազմացնենք ճատրակի մրցաշարքերուն կայացումը:
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

