ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՐԱՖՖԻ ՉԵՐՉԵԱՆԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԵՒ ՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի կրօնագիտական բաժանմունքին, երէկ` հինգշաբթի, 12 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Յիսուսեան միաբանութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ (Ժեհթաուի) տեղի ունեցաւ ճարտարապետ Րաֆֆի Չերչեանի «Լիբանանի հայկական եկեղեցիները» խորագիրով ֆրանսերէն գիրքին ներկայացումը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէն Քրիսթիան Թուէյնի, ապա` համալսարանի կրօնագիտական բաժանմունքի տնօրէն հայր Սելիմ Տաքքաշ: Այնուհետեւ խօսք առաւ գիրքի բարերար Վարուժ Ներկիզեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ հայ առաքելական համայնքին կողմէ` Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Սարօ Թոնդեան, հայ աւետարանական համայնքին կողմէ` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, իսկ Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ` հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան: Բոլոր ելոյթ ունեցողները բարձր գնահատեցին Րաֆֆի Չերչեանի տարած աշխատանքը եւ նման շահեկան բովանդակութեամբ գիրք մը հրատարակելու գաղափարը:
Աւարտին խօսք առաւ գիրքի հեղինակ ճարտարապետ Րաֆֆի Չերչեան: Ան սկիզբը անդրադարձաւ գաղութի կազմաւորման սկզբնական շրջանին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, երբ հայերը տեղափոխուեցան Պէյրութի շրջակայքէն եւ շատեր սկսան յաճախել այս դպրոցը, որ ոչ միայն կրօնական, այլեւ գիտական եւ մշակութային կեդրոն մը եղած է: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ունեցած դերը դպրոցին պատմութեան մէջ:
Այնուհետեւ Ր. Չէրչեան նկարներու ցուցադրութեան միջոցով ներկայացուց գիրքը, որուն մէջ շեշտած է, թէ լիբանանահայութիւնը իբրեւ համայնք հին ժամանակներէն ի վեր ներկայութիւն եղած է Լիբանանի մէջ եւ հայկական ճարտարապետութիւնը շատ կարեւոր դեր ունեցած է ու հարուստ եղած է փոխյարաբերութիւններով` միւս համայնքներուն հետ:
Ան նաեւ հաստատեց, որ գիրքին մէջ ան ներկայացուցած է հայկական ճարտարապետութեան ծագումը եւ յեղաշրջումը` առաջին բաժինով, երկրորդ բաժինով անդրադարձած է ծէսի եւ ճարտարապետութեան յարաբերութեան, նաեւ այս առումով հայկական 3 յարանուանութիւններու եկեղեցիներուն միջեւ տարբերութեան, երրորդ բաժինով ան ներկայացուցած է, թէ ինչպէ՛ս հայերը հասան Լիբանան եւ տարածուեցան հիւսիս, Սայտա, Սուր եւ այլն, նաեւ ինչպէ՛ս գոյութիւն ունեցած են վանքեր, որոնց մասին շատեր տեղեակ չեն:
Ան յոյս յայտնեց, որ կը հասնի իր նպատակին, որն է ծանօթացնել հայկական ճարտարապետութիւնը եւ հաստատել, որ հայութիւնը վաղուց գոյութիւն ունեցած է Լիբանանի մէջ:
Աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը: