ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻՆ. «ԽԱՉԱԳՈՂԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 12 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչագողի յիշատակարանը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Անուշ Թրուանց, որ նշեց, թէ վէպի հեղինակին դերը կատարած է Խորէն Լեւոնեան, որ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ճանչցուած դէմք մըն է: Թրուանց աւելցուց, որ վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին Լեւոնեան նկարահանուած է մօտաւորապէս տասը շարժանկարներու մէջ: Ան ըսաւ, որ բեմադրիչ Հրաչ Քէշիշեանի մտայղացումն է ժապաւէնին մասնակից դարձնել «Խաչագողի յիշատակարանը» վէպի հեղինակը` Րաֆֆին:
Խօսելով խաչագողի տիպարին մասին` Թրուանց ըսաւ, որ ան գարշելի է, որ փճացած եւ անբարոյականացած հասարակութեան ծնունդն է եւ որ կը շրջի քաղաքէ քաղաք, կայսրութենէ կայսրութիւն, ուր կերպարանափոխուելով դրամ կը շորթէ, կը սպաննէ, գիտելիքներով կը յաղթէ օտար զրուցակիցներուն եւ մարդիկը խաբելով կը համոզէ, որ հրաժարին իրենց դրամներէն:
Այս առիթով նաեւ խօսք առաւ ժապաւէնին դերասաններէն Խորէն Լեւոնեան, որ նշեց, թէ նոր խաչագողերը մինչեւ հիմա կան, եւ այս ժապաւէնը կը միտի այդ մէկը ցոյց տալ` մարդոց ուշադրութեան յանձնելով անոնց ներկայութիւնը: Լեւոնեան յայտնեց, որ ինք այս ժապաւէնին մէջ ունի փոքր դեր մը` աւելցնելով, որ լիբանանահայ հասարակութիւնը պէտք է հայրենի ժապաւէններուն մնայուն կերպով հետեւի:
Ապա ներկաները շուրջ երկուքուկէս ժամուան ընթացքին դիտեցին «Խաչագողի յիշատակարանը» ժապաւէնը: