ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԵՆԳԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մէջ յունիսին նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան:
Պատրիարքարանին մէջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպումէ մը ետք, կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութիւրք յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Լոզանի համաձայնագիրով ազգային փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներու պաշտպանութեան: Բոլորս այդ կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն ծանօթ դարձանք այդ «հաւատարմութեան», եւ յստակ է, որ ընդդիմութեան վերածուելով կամ ղեկավարութեան փոփոխութեամբ, Իթթահատական կուսակցութեան ժառանգորդ այդ կուսակցութեան «հաւատարմութեան» մէջ որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած:
Քորութիւրք խօսելով կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ հայ թեկնածուներու բացակայութեան մասին, կը յայտնէ. «Մենք տարբերութիւն չենք դներ հայերու, յոյնի, հրեայի, քիւրտի թէ չերքեզի միջեւ: Դժբախտաբար, ընտրութիւններուն մասնակցելու համար դիմած 4300 անձերուն շարքին շատ արժէքաւոր մարդիկ կային: Ստիպուած Էինք այդ թիւը նուազեցնելով հասցնել 550-ի»: Այստեղ, ցեղապաշտական մօտեցում մը գոյութիւն ունի: Արդարեւ, ուշագրաւ է, որ բաղդատութեան դրուողներուն շարքին թուրքը չէ նշուած: Պատճառը այն է, որ ըստ թրքական մտայնութեան, թուրքը այդ համայնքներէն գերիվեր եւ անոնց հետ անբաղդատելի է: Ուստի բնական է, որ հայ մը 550 անձերէ բաղկացած այդ «շատ արժէքաւոր մարդոց» շարքին չդասուի:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահը, նաեւ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, նշած է. «Նիւթին առնչութեամբ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան դիրքորոշումը հետեւեալն է. մենք գիտենք, որ ցաւալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են, սակայն երկու կողմերն ալ ցաւ տեսած են: Մենք կողմնակից չենք, որ այդ իրադարձութիւններուն տրուի ցեղասպանութիւն բնորոշումը: Թող նիւթը քննարկեն պատմաբանները եւ յստակացնեն: Եթէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշ բաներ ի յայտ գան, եւ անոնց առնչութեամբ պատմաբաններուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, մենք ատիկա կ՛ընդունինք»: Ան այսպիսով կը կրկնէ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ թրքական քաղաքական դաշտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ համախոհութիւն մը գոյութիւն ունի, իսկ պատմաբաններու յանձնախումբի մը ստեղծումը կը բխի թրքական ազգային շահերէն:
Ըստ Քորութիւրքի, Հայոց ցեղասպանութեան հարցով տակաւին յստակ բան գոյութիւն չունի, սակայն «եթէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշ բաներ ի յայտ գան», իրենք պիտի ընդունին զանոնք, պայմանաւ որ «անոնց առնչութեամբ պատմաբաններուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի»: Ասիկա նենգամիտ կեցուածք մըն է, որովհետեւ կը բաւէ, որ թրքամէտ պատմաբան մը այս հարցով առարկութիւն կատարէ եւ Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի շարունակէ մերժել: Մինչ այդ, Հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի փաստը պիտի վերածուի վիճելի եւ քննարկելի հարցի մը, ինչ որ քաղաքական մեծ ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ Անգարայի համար:
Այս բոլորը կու գան անգամ մը եւս վկայելու, որ թրքական քաղաքական դաշտին վրայ չկան յուսալի ուժեր: Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութեան շուրջ հանրաքուէ մը պիտի ըլլան, որեւէ հետաքրքրութիւն չեն ներշնչեր:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ