ԼՈՆՏՈՆ ՍԿՈՎՏԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԷ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Սկովտիոյ հարցերով նախարար Մայքըլ Մուր յայտարարած է, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէ մը պիտի չխոչընդոտէ:

Անցեալ շաբաթ Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին շռնթալի յաղթանակ մը տարած էին ազգայնականները, որոնք Բրիտանիայէն Սկովտիոյ անկախութիւնը կը ջատագովեն, իսկ Աշխատաւորական եւ Ազատական կուսակցութիւնները պարտութեան մատնուած էին:

«Այժմ գործը Սկովտիոյ խորհրդարանինն է, ուր ազգայնականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, եւ մենք պիտի չխոչընդոտենք հանրաքուէի կայացումը: Ի՞նչ պիտի ընենք, մենք պէտք է խթանենք անկախութեան հարցին քննարկումը», ըսած է նախարարը:

Սկովտիոյ ազգայնական կուսակցութիւնը, ընտրութիւններուն մէջ իր արձանագրած վճռական յաղթանակին շնորհիւ, Սկովտիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ձեւաւորէ միակուսակցական կառավարութիւն: Ազգայնականներու ղեկավար Ալեքսանտր Սելմընտ յայտարարած է, որ ընտրութիւնները «պատմական» են, եւ յաջորդ հինգ տարուան ընթացքին իրենք անկախութեան հանրաքուէ պիտի կազմակերպեն:

Share this Article
CATEGORIES