ԸՍՏ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԻՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒԺԵՐԸ ՊԱՀՐԷՅՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Պահրէյնի բանակի սպայակոյտի պետը յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ուժերը, որոնք երկրին շիի մեծամասնութեան ըմբոստութիւնը ճնշելու համար միջամտեցին, Պահրէյն պիտի մնան մինչեւ իսկ յառաջիկայ ամիս արտակարգ դրութեան ջնջումէն ետք:

Այդ քայլը հաւանական է, որ խորացնէ շրջանային լարուածութիւնը: Իրան 1500 զինուորներէ բաղկացած ուժին Պահրէյնի մէջ միջամտութիւնը սիւննի պետութիւններու կողմէ «բռնագրաւում» նկատեց:

Պահրէյնի բանակի սպայակոյտի պետ շէյխ Խալիֆա պըն Համատ Ալ Խալիֆա նաեւ սպառնաց աւելի խիստ կերպով ճնշել, եթէ ցուցարարները փողոց վերադառնան: «Անոնց, որոնք պատգամը չհասկցան, կ՛ըսեմ. «Եթէ վերադառնաք` այս անգամ աւելի ուժեղ կերպով պիտի վերադառնանք»:

Ըստ իրեն, ցուցարարներուն տրուած են դեղահատեր, որոնք մտքին կ՛ազդեն, եւ զիրենք կը մղեն «արտասովոր բաներ» ընելու:

Պահրէյնի թագաւորը յայտնած էր, որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի վերցուի 1 յունիսին, սակայն սպայակոյտի պետին յայտարարութիւնը մտածել կու տայ, թէ սէուտական ղեկավարութեամբ ուժերուն կողքին պահրէյնեան ապահովական ուժերու խիստ ներկայութիւնը պիտի շարունակուի:

 

Share this Article
CATEGORIES