ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹ ՄԸ ՏՈՂԱՏԱԿԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը իր հինգշաբթի, 12 մայիսի թիւին առաջին էջով լոյս ընծայեց Նիզար Սալլումի «Սուրիան, Թուրքիան եւ անոր «բնորդը» խորագիրով յօդուած մը, որ տողատակի կը քննադատէ Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ ներկայ իրադարձութեանց սկսելէն ի վեր թրքական պաշտօնական վարմունքը «աճապարող եւ չմտածուած երեւոյթով հանդէս եկաւ: Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի`  եւրոպական բեմահարթակներէն մէկէ աւելի անգամ կատարած «բարեփոխական քարոզներուն կողքին «Նոր օսմանականութեան» ճարտարապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն այս դէպքերուն հետ պարզ ու յստակ կերպով վարուելու գծով անհրաժեշտ լուծումները գտնելու անկարող թուեցաւ»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ «սուրիական ընդդիմութեան խմբակներուն, մասնաւորաբար Իսլամ եղբայրներու բնոյթին բացայայտուելէն եւ այս վերջիններուս ղեկավար Ռիատ Շաֆաքայի Պոլիս հաստատուելէն ետք «թրքական բնորդը» կը թուի թէ իր մեծագոյն քննութիւններէն մէկը կը դիմագրաւէ»:

Յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ թրքական բնորդն ու Իսլամ եղբայրներու տարբերակը հասարակաց ոչինչ ունին, սակայն այդ մէկը Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ վարմունքի ճամբով կը կամրջուի, եւ «յստակ չէ, եթէ այս մէկը քեմալականութիւնը կանխող օսմանականութիւնը վերազարթեցնելու ջանքերուն պատճառով է»:

«Ներկայիս Սուրիան, իր դէպքերով, թրքական բնորդին եւ ինքզինքին ու իր պատմութեան նկատմամբ հաւատարիմ մնալու անոր կարողութեան ամէնէն կարեւոր քննութիւնն է», կ՛եզրակացնէ սուրիացի յօդուածագիրը:

Share this Article
CATEGORIES