ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՐԿՄԱՆ «ԽԻՍՏ» ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԸ

Հիլըրի Քլինթըն

Ուաշինկթըն վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ ուժի կիրարկման իր «բուռն» ընդդիմութիւնն ու «խիստ դատապարտումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեկուսացումը հետզհետէ մեծնայ: Ան ընդգծեց, որ ցուցարարները ճնշելու նպատակով Սուրիոյ կողմէ ուժի կիրարկումը տկարութեան յստակ ցուցանիշ մըն է: Քլինթըն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Սուրիոյ վրայ ճնշումը աւելցնելու կարելիութիւնը կը քննարկեն:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ կարգ մը թաղամասերու ռմբակոծման մասին շրջանառութեան դրուած տեղեկութիւնները յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը ուժի կիրարկումէն հրաժարիլ տալու եւ քաղաքական երկխօսութեան մղելու միակողմանի եւ մեր դաշնակիցներուն հետ հաւաքական աշխատանքները կը շարունակուին»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատելու ճամբով Սուրիոյ վրայ ճնշումը կ՛աւելցնեն: «Սուրիական կառավարութեան բուռն կերպով բացատրուեցաւ, որ ապահովական ճնշումը կայունութիւնը պիտի չվերահաստատէ եւ բարեփոխումներու պահանջները պիտի չդադրեցնէ»:

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կը շարունակէ բռնի ուժի դիմելու եւ մարդկային իրաւունքները բռնաբարելու իր իրանեան դաշնակիցի օրինակին հետեւիլ: «Պատմութիւնը այսպիսի արարքին կողքին չէ», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն աւստրիական ձայնասփիւռի կայանի մը հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին չբացառեց, որ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները ընդլայնելով ներառեն նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: «Նախագահ Ասատ ցանկին վրայ չէ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ արտաքին գործոց նախարարները այդ հարցը պիտի չքննարկեն», ըսաւ Էշթըն:

 

Share this Article
CATEGORIES