Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թանկ Բարեւ

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Կը խուսափէր բարեւ տալէ,
Մօտիկութիւն հաստատելէ.
Սկզբունքն էր մնալ հեռու,
Գլխու ցաւեր չունենալու.
– Բարեւ տալը կ՛արժէ ոսկի,
Ինչո՞ւ անձդ դնես պարտքի:
Իր հաւատքն էր, համոզումով,
Շա՛հն է մարդուն յառաջ մղող…
Ան կը սկսի բարեւելով:
Իր փողն իրե՛ն միայն բաւ է,
Թող մէկն իրեն չբարեւէ:
Մարդիկ շշմած ու զարմացած`
Իրար միջեւ կու տային հարց.
– Ան կրթութեա՞ն ունի պակաս,
Որ բարեւն իր ամուր կղպած:
– Բայց չէ՞ք կարող դուք խորհիլ լուրջ,
Ի՞նչ հարկ խօսիլ կրթութեան շուրջ,
Հարցը շեղել խօսքերով փուճ.
Կա՞յ կրթութեան արժէք տուող.
Արժէք ունիս, երբ ունիս փող:
Բարեւին հետ կապուած է սուրճ,
Սուրճերուն հետ դրամ` մի փունջ.
Մի վատներ զայն բարեւներովդ,
Թանկ է բարեւն` անցուր մտքովդ:
– Անպէ՛տք մըն ես դուն` անշնորհք,
Քու բարեւիդ ոչ ոք կարօտ.
Թող իմ բարեւս արժէ ինձ թանկ,
Ես մարդոցմով կ՛ապրիմ ուրախ,
Ուրախ կեանքն ինձ` աւելի՛ թանկ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )