Երիտասարդական Ոսպնեակ. Որպէսզի Սումկայիթի Ջարդերը Սոսկ Ոգեկոչումի Առիթ Չդառնան (28 Փետրուար 1988)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ճշգրիտ բնութագրումով մը հայ նորահաս սերունդի զաւակները, հաւանաբար ըսեն, թէ 20-րդ դարու վերջալոյսի՞ն ալ ականատես պիտի դառնայինք հակահայ քստմնելի ոճիրներու եւ ցեղային մաքրազտումներու, որոնց ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ, այս անգամ հայրենի հողէն հեռու, պիտի ենթարկուէին ամէնէն զազրելի ու հայաջինջ վերաբերումի` այս անգամ ազերի հորդաներու ձեռամբ:
Այլ խօսքով, 1905-ի եւ 1918-ի յատկապէս Պաքուի հայոց դէմ գործադրուած ջարդերուն կրկնութիւններ էր, որ կ՛ապրէինք այս անգամ 1988-1990 թուականներուն:
Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ օրին` 1905-ին, հայութիւնը շնորհիւ Նիկոլ Դումաններու նման պայծառատես ազատամարտիկի, յանդուգն եւ արիասիրտ յեղափոխականի իր շուրջ հաւաքելով հայոց ընտրանի կռուողներու փաղանգներ, Պաքուի թէ այլ շրջաններու մէջ հակահայ բոլոր արարքներուն դէմ իրենց բռունցքն ու արժանի հակահարուածը կու տային թշնամի բարբարոսներու, որոնք շշմած հայոց հակազդեցութիւններէն, ահ ու սարսափի մատնուած կը դադրեցնէին վատոգի սպանդները:
Անցնինք:
Արցախեան խոյանքով նուիրականացած վիթխարի յաղթանակներու տարերքութիւնը թէեւ իր մէջ կը պարփակէ նահատակութեան փառապսակին արժանացած հայորդիներու սխրանքներ, ժողովրդանուէր ծառայութիւններ, համայնական ըմբոստացումի հրաշալի պատումներ եւ մանաւանդ զազիր թշնամիին` թուրք-ազերի հորդաներու դէմ քաջարի մաքառումներ, այդուհանդերձ, տուեալ ժամանակներու թաւալքին առընթեր, հայութեան եւ ամբողջ մարդկութեան համար անջնջելի կը մնան Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ այլ հայահոծ շրջաններու մէջ կատարուած ոճիրներն ու սպանդները, նորովի ցեղասպանութիւնները:
Թէ ինչո՛ւ նման հաստատագրում կը կատարուի, բնութագրելու համար անասելի բարբարոսութիւնները, պարզապէս որովհետեւ կանխամտածուած, կազմակերպուած եւ մտադրուած նմանօրինակ վայրագութիւններու ալիքն ու տարողութիւնը այնքան մը ահաւոր ու շշմեցուցիչ էին, անկանխատեսելի եւ պետականօրէն հովանաւորուած, որ տարրական ինքնապաշտպանութեան նուազագոյն առիթի մտածումն անգամ յապաղած կը թուէր ըլլալ:
Փաստօրէն, Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներու մէջ հայութեան դէմ կատարուած սպանդները (1988-1990թ), իրենց աննկարագրելի զազրութեամբ եւ մոլուցքով, հակառակ ատենի խորհրդային բանակի գերակշիռ ներկայութեան եւ հանգամանքին, ցնցած ու ալեկոծած էին օտարներու յուզաշխարհն անգամ` ի տես ցեղային մաքրագործումներու:
Ճիշդ է, որ արդի ժամանակներու, յատկապէս Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի սպանդներուն եւ տեղահանութիւններուն փաստացի արձանագրութիւնները ամբողջ աշխարհին սեփականութիւնը դարձան, ուր 20-րդ դարու լուսամուտին, այսպէս ասած քաղաքակիրթ մարդկութիւնը իրազեկ դարձաւ պատահածէն, սակայն, ամօթանքի հառաչանքներէն անդին ոչ մէկ հակազդեցութիւններու դիմեց պէս-պէս քաղաքական հաշուարկներու եւ պատեհապաշտ մրցակցութիւններու պատճառով:
Եւ իրաւամբ, ամբողջ հայութիւնը վերստին գտնուեցաւ այնպիսի կացութիւններու եւ քաղաքական իրադարձութիւններու դէմ յանդիման, որ բազմահազար հայորդիներու սպանդին ու տեղահանութեան դիմաց ինքնապաշտպանութեան եւ պայքարի դրօշին աւելիով կառչելու հրամայական պահանջով մը` նետուեցաւ պարտադրուած պատերազմի դաշտ, ազատագրելու համար դարաւոր հայրենիքը` Արցախի սրբակենցաղ հայաշխարհը:
Իրօք, թշնամին չարաչար պարտուած հայկական ուժերու հարուածներէն, փախուստի եւ յաւելեալ ջարդերու դիմեց, եւ 1994-ի զինադադարէն ետք սկսաւ հակաքարոզչական ստապատիր միջոցներու օգտագործումին եւ դաւադիր միջոցառումներու ճամբով` մոլորեցնել նախ իր ժողովուրդը, ապա` միջազգային հանրային կարծիքը:
Եւ, տարուէ տարի հայութեան դէմ թշնամիին կողմէ արձակուած սպառնալիքները կրեցին բազմաթիւ փոփոխութիւններ, ինչպէս` ապատեղեկատուական արշաւներ, ճշմարտութիւններու խեղաթիւրում, սուտ եւ կողմնորոշեալ դիտաւորութիւններ, զինուորական քայլերու դիմելու սուտասանութիւններ եւ խաբկանքներ:
Յայտնապէս, թշնամական նման քայլեր եւ միջոցառումներ կը միտէին եւ կը շարունակեն նպատակադրել թաքցնել իրենց արիւնռուշտ սպանդները` Սումկայիթի մէջ, երբ, նորածին երեխաներն ու ալեւոր հայրենակիցներ անգամ արժանացան անարգ վերաբերումի, ոչ միայն զիրենք սուինահար ընելով կամ օրն ի բուն հրկիզելով, այլեւ` բարձր շէնքերէն վար նետելով…
Յիրաւի, Հայաստանի վերանկախացման եւ արցախեան թէժ կռիւներու տարիներուն, ազգը համակ կ՛ապրէր արհաւիրքը նորայայտ ջարդերու, որոնք կը գործադրուէին հայրենի հողէն հեռու` ամբողջ մարդկութեան երկերես հայեացքներուն ի տես:
Այս բոլորով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իր բաղադրեալ մասերով տոկաց, դիմադրեց եւ շարունակեց հաւատալ իր հայրենակերտ երազանքին եւ թշնամիին դէմ պայքարելու նախնեաց կտակին:
Այլ առումով ալ, անուրանալի է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ հայութեան դէմ ճակատագրուած նման կացութիւններու դիմաց ազգային-պետական մեր մտածողութեան եւ աշխարհահայեացքին մէջ պարտաւոր ենք ամրագրել այնպիսի հայեցակարգեր, բոլոր բնագաւառները ընդգրկող, որոնք հասնելով անվտանգութեան բացարձակ չափորոշիչներու կարենան աշխարիի տարածքին պահել ու պաշտպանել ամբողջ հայութեան շահերն ու անվտանգութիւնը:
Արդարեւ, որպէսզի հետագայ տարիներու թաւալքին մէջ կարենանք պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակներու հրայրքը ապրիլ, ապա պարտաւոր ենք որդեգրել այնպիսի ճանապարհներ, որոնք պիտի ընծայեն յաւելեալ ուժականութիւն եւ դիմադրողականութիւն:
Հետեւաբար, երբ թուրք-ազերին կ՛օգտագործէ միջազգային թէ շրջանային ամէն ամպիոն կամ միջավայր ցեղասպանի իր դիմագիծը քողարկելու, ապա հայ պետական մտածողութեան եւ ամբողջ հայութեան կը մնայ դուրս ելլել ինքնամփոփումի պատմուճանէն, զգաստանալու թեթեւսոլիկ տրամադրութիւններու գինարբուքէն, ձերբազատելու ինքնագոհ ու եսակեդրոն ըլլալու բարդոյթներէն եւ անյապաղ լծուելու այնպիսի նախաձեռնութիւններու` դիւանագիտական-քարոզչական, քաղաքական-տնտեսական, մշակութային-արուեստի, ներազգային-գաղափարական, որոնք կոչուած են մէյ-մէկ կուռ վահաններ դառնալու` միանգամընդմիշտ սանձելով հակահայ ամէն նկրտում:
Առհասարակ, նոյնանման բազմամակարդակ աշխատանքներու ձեւի կամ բնոյթի մասին չէ մատնանշումը, որքան 21-րդ դարու համահունչ մեքանիզմի հաստատումին, գործելակերպերու որդեգրումին եւ յանձանձումին, այլ ասած, ինքնանպատակ եւ ժամանակավրէպ մտածումներէ ձերբազատումին:
Արդ, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու մէջ գործադրուած սպանդներու մասին պատրաստուած իւրաքանչիւր վաւերագրական աշխատանքի տարածումով, յատկապէս արաբական միջավայրերու մէջ, խորքին մէջ հակահարուած տուած կ՛ըլլանք թշնամիին այն թափանցումներուն, որոնցմով կ՛ուզէ իրականացնել հին թէ նոր քաղաքական, ժողովրդագրական թէ տնտեսական գործընթացներ:
Չվարանինք երբեք, այլ յիշենք ու խօսեցնել տանք ամէն ինչ որ կ՛ուժեղացնէ հայութեան կամքն ու հաւատամքը` նպատակասլաց առաջադրանքներու իրագործման ի խնդիր:
Մերօրեայ նահատակներու յիշատակին ի յարգանս, զգացական զեղումներէ անդին անցնինք պատուաբեր ոստումով մը:
Ընդգծենք:
Ազգովին պէտք չէ մտահան ընել այն իրողութիւնը, թէ թուրք-ազերի գոյակցութիւնը իր հակահայ մոլեգնութիւնը կը դրսեւորէ ամէն պատեհ առիթի, որպէսզի դահիճի իր պատմուճանին ագուցէ նաեւ զոհի հանդերձանքը:
Իսկ այսպէս ասած քաղաքակիրթ աշխարհը, իր կարգին ընկղմած մրցակցային խօլ արշաւներու թէ սադայէլական պատերազմներու մէջ, ականջ է դարձուցած մարդկային ամէնէն նուիրական արժէքներուն` յագուրդ տալով իր տնտեսական ու քաղաքական խելացնոր ծրագիրներուն, որոնք կը միտին առաւելագոյն շահ ապահովել մեծապետական հաշիւներու:
Այլ առումով, հայութիւնը ինչպէս անցեալին նաեւ այս օրերուն պարտաւոր է իր ուժերուն ապաւինելու եւ յանկերգ դարձած միասնականութեան կոչերուն իրաւութիւն ներշնչելու` դիմակայելու համար հետագայ տարիներու մարտահրաւէրներն ու տակաւ սաստկացող սպառնալիքները:
Հայրենի պետական մտածողութիւնը իր կարգին պարտաւոր է սրբագրել արձանագրուած ամէն բացթողում, որպէսզի կարենայ ապահովել ամբողջ հայութեան անվտանգութիւնն ու բարօր կեանքի ապահովումը:
Աւելի՛ն. հայ քաղաքական ու դիւանագիտական մտքի իւրաքանչիւր բնագաւառ Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ), Պաքուի եւ Մարաղայի հայոց ջարդերու վերարծարծումի հարկադրանքին տակ կը գտնուի, աշխարհի ամէնէն բարձր ամպիոններու վրայ, այլապէս յանձանձելով դատաիրաւական ամէն գործընթաց, որպէսզի նաեւ այս սպանդները յիշատակի չվերածուին:
Սումկայիթի թէ այլ քաղաքներու մէջ գործադրուած հակահայ ոճիրները ցեղասպանութիւն են, այս անգամ վաւերագրուած եւ դատապարտուած:
Պահը հասած է ա՛լ զոհի բարդոյթէն եւ ինքնագոհ հոգեվիճակներէ ձերբազատելու եւ լրջութեամբ լծուելու հայ ազգային ու պետական մտածողութեան առաւել պայծառացումին:
Սումկայիթի զոհերու 25-ամեակը ամբողջ հայութիւնը զգաստութեան հրաւիրող եւ ուժեղացնող խայծ պէտք է հանդիսանայ, ապահով անցնելու դէպի գալիք տասնամեակներ:

