Ճեմալ Փաշան Սպաննողին Թոռան Հետ Հանդիպում Երեւանի Մէջ
Ջիւան Գասպարեան, 80 տարեկան, տուտուկ նուագող
մեծ տաղանդ մը, Հրանդին նկարը
դիմացը դրած է, «Սարը կելին»-ը նուագել
սկսելով` աչքերուն
արցունքներովը կարծես սուգ կը հնչեցնէ:
Երեւան, 2008, սեպտեմբեր:
Հայ գործակիցներուս հետ երկար սեղանի մը շուրջ կը խօսակցինք: Մեծամասնութեամբ` երիտասարդ լրագրողներ: Կը համրեմ, 18 անձ: Յանկարծ միտքս կ՛իյնայ, կը հարցնեմ.
«Բնիկ արմատներով ո՛րտեղացի՞ էք»
Կարգով կը պատասխանեն.
Էրզրում
Մուշ
Ալաշկերտ, գիւղ` Քոփքրան
Իրան
Վան
Պայպուրթ
Կարս
Մուշ
Իրան
Էրզրում
Կարս
Կարս
Մուշ
Իսկենտերուն
Կարս
Վան
Մէկը անտեղեակ օդին մէջ.-
«Չեմ գիտեր»:
Ապա կը խնդայ.-
«Ես փոքրամասնութիւն եմ, Երեւանէն…»:
Արմատներ այսպէս: Այս հարցումով, ո՛ւր որ երթաս, Անատոլուի կարօտը ինքզինք անպայման կը մատնէ Երեւանի մէջ:
«Մեր պատմութիւնը չենք մոռնար…»:
Այս ըսողը հայ լրագրող մըն է: Նախագահ Կիւլին այցելութեան վերաբերեալ երեւանցիներու ակնկալութիւնները մանրամասնելով` այսպէս կը խօսի.
«Ընդհանուր առմամբ, փողոցի հայրենակիցները այս այցելութիւնը շինիչ կը համարեն: Այցելութեան մը առթիւ, կը հասկնան, թէ մէկ օրէն ամէն ինչ չի փոխուիր: Վաղը սահմանի դռները կը բացուին, դիւանագիտական կապերը կը հաստատուին. ասոնց նման բաներ չեն սպասեր: Դրական կը դիմաւորեն, բայց «մեր պատմութիւնը չենք մոռնար»-ը, կը կրկնեն:
«Պատմութիւն»-ը չմոռնալը բացայայտ է:
Պատմութիւնը անխուսափելի է…
Սակայն կարեւորը պատմութեան գերին չըլլալն է: Արդեօք երկու կողմերն ալ այս բանը պիտի ընե՞ն: «Հայոց ցեղասպանութիւնը» պատահած չէ մտածող հայու մը չէք հանդիպիր: Բայց Թուրքիոյ հետ գործարք ընելու համար այս հարցը առաջնահերթ նկատելով, եթէ առաջ քշեմ, ըսէք, չ՛ըլլար: Կառքը ձիուն առջեւ դրած ըլլալ կը նշանակէ սա:
Բայց եթէ ասոր նման Թուրքիան ալ «Նախ ցեղասպանութիւնը օրակարգէն հանեցէք» նախապայմանով մը բեմ բարձրանայ, այս ալ կը նշանակէ` դէպի զառիվեր քշել հարցը:
Ասոր համար «նախապայմանները» յետաձգելով` հարկ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան եւ բնականացման դուռը օր առաջ բանալը: Ապա կարգը կու գայ ամէն բանի մասին խօսելու կարելիութեան ժամանակին:
Երբ Երեւան կ՛երթայի, ուղեղիս մէջ տեղաւորուած էր «Ֆութպոլը բնաւ ֆութպոլ չէ» խօսքը: Թուրքիա-Հայաստան ազգային խումբերու մրցումին համար այս խօսքը տեղին չէ՞ արդեօք: Երեւանի մէջ կայանալիք մրցումին մասին մտածած ատենս ներքնապէս բաւականաչափ լեցուած կը զգամ:
Այս մրցումը տարբեր մրցում մըն է:
Ֆութպոլէն անդին` բան մը կայ: Ազգային այս մրցումով միասնաբար բարեկամութիւն շահելուն կողմնակից եմ: Անցեալի ողբերգական ցաւերը, հայերու եւ թուրքերու միջեւ հիւսուած այս բարձր պատին փլուզումը, «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» պիտակի տակ, Երեւանի մէջ կարեւոր դեր մը խաղալուն կ՛ուզեմ ներկայ գտնուիլ:
Խանդավառ եմ:
Սիրելի Հրանդն ալ եթէ ողջ ըլլար, վստահ եմ, ինձմէ շատ աւելի մեծ խանդավառութիւն պիտի ապրէր, որովհետեւ անոր կեանքին թերեւս ամենամեծ առաջնահերթութիւնը երկու երկիրներու միջեւ գործարքներուն բնականացման նախապայմանը` սահմաններուն բացուիլն էր: Այսպիսի ֆութպոլի մրցումի մը իրականացման համար ձեռքէն եկածը ընելու պատրաստ էր:
Ի դէպ, Հրանդ Տինք ֆութպոլը կը սիրէր: Երիտասարդութեանը կը խաղար ալ:
Բայց որեւէ ակումբի չէր կապուած: Լա՛ւ, շաբաթ օրուան ազգային մրցումին սիրելի Հրանդին սիրտը ո՞ր խումբին համար պիտի տրոփէր. թրքակա՞ն, թէ՞ հայաստանեան: Հրանդ Տինքին շատ մօտէն ծանօթ երկու ընկերներուն միտքերը շօշափեցի: Ո՛վ գիտէ, թերեւս Հրանդ մարզադաշտի մէջ մրցումը դիտած ատեն եւ կամ հեռատեսիլին դիմաց` այս հարցումին իմաստը աւելի լաւ պիտի զգար:
Մէկը այսպէս ըսաւ.
«Դժուար հարցում… Վերջի վերջոյ Հայաստանի պիտի կողմնակցէր: Մի՛ մոռնար, Հայաստանը նոյն ատեն` իրաւազուրկ, ճզմուած եւ փոքր պետութիւն է: Բոլոր այս բաները համաշխարհային ձախակողմեան նուրբ զգացումներու կը վերաբերին…»:
Ըստ իս, Հայաստանին կը կողմնակցէր: Կը կողմնակցէր, բայց դեռ էն գլխէն թուրք-հայ բարեկամութեան կայանալու հարցով այս մրցումը բոլորովին տարբեր պատուհանէ մը կարեւորելով կը դիտէր:
Հայաստան ըրած այս առաջին շրջապտոյտիս Հրանդին հետ միասին ըլլալ կ՛ուզէի: Կը վերյիշեմ անոր հետ ունեցած կարգ մը խօսակցութիւններ: Ամէն անգամ «շրջապտոյտ»-ը կազմակերպելու մասին խօսք բացած էր, սակայն յետոյ մոռցած էիք ծրագիրը: Եթէ հոս միասին ըլլայինք, մեզի պէտք եղածին չափ խանդավառութեամբ ոտքի հանած եւ բոլորիս մտքերն ու մտածումները փոթորկեցուցած պիտի ըլլար:
Ազգային մրցումը չսկսած, կը խորհրդածեմ անցեալին թուրքերուն` հայերուն պատճառած ցաւերուն մասին, մեր միատեղ ապրած պատմութեան եղերական էջերուն յիշատակին համար վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մը կատարելու մասին: Պոլիս ապրող հայ բարեկամս այսպէս կ՛ըսէ.
«Այսպիսի պատմական նախաձեռնութիւն մը եթէ տեղի ունենար, վստահօրէն մարզադաշտի մէջ գտնուող ներկաներէն կէսին արցունքները անզսպելի պիտի ըլլային»:
Երեւանի մէջ, 2008-ի ապրիլ ամսուան առաջին շաբթուան չորս օրերու ընթացքին պտտեցանք: Ճերմակ լեռներու գագաթներուն, վաղ քրիստոնէական ժամանակներուն ժայռերուն մէջ փորուած եկեղեցիի մը մէջ (ԳԵՂԱՐԴ. Յ.Ա.) հայերէն հոգեւոր շարականներ մտիկ ըրինք: Երգողը պոլսեցի զոյգ մըն էր, Պոլսոյ պետական երաժշտանոցէն վկայեալ: Հրանդ Տինքի յիշատակին երիտասարդ կին մը «Սարը կելին»-ը երգեց, երիտասարդ մըն ալ տուտուկ նուագեց:
Ազգային մրցումին համար Պէյրութէն Երեւան ժամանած լիբանանցի հայ երիտասարդներ պարեցին, դաշնակցական ազգային քայլերգներ երգեցին, որոնց մէջ կարգ մը Անատոլուի քաղաքներուն անունները յիշատակուեցան: Մրցումի համար Պոլսէն մեր հայ հայրենակիցներէն Կարպիս էֆենտին բոլորիս համար ուտ նուագեց:
Եւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին, Եաւուզ Պայտար Պոլսէն մասնաւոր սառցարան տուփով «ՄԱՏՕ» պաղպաղակ բերաւ: Ընտանիքին արմատները Մարաշ հասնող` Օսկանեան, հինէն ի վեր այս պաղպաղակին կը հիանայ եղեր…
Անգամ մըն ալ հանրապետութեան հրապարակի սրճարանի մը մէջ չորս քիւրտեր Ճենկիզ Ճանտարը բռնեցին: Արտահանէն ազգային մրցումին համար եկած էին: «Ո՞ւր է այդ պեխերը կախ ազգայինճին», ըսաւ անոնցմէ մէկը, «Ազգային մրցումին մենք էինք թրքական դրօշակ ծածանողները…»: Ապա կրկնելով խօսածները. «Ապիներ (մեծ եղբայրներ Յ. Ա.), Հայաստանի հետ այս սահմանները թող բացուին: Եթէ որոշ շրջան մը եւս չբացուին, կա՛մ լեռները պիտի բարձրանանք (կ՛ըմբոստանանք Յ. Ա.) եւ կա՛մ Պոլիս գալով` ձեր գործերուն աչք պիտի տնկենք»:
Իրենց արտաքինէն յայտնի ամերիկացի հայերու խումբէն մէկը մեր թրքերէն խօսիլը լսելով` չաթ-փաթ թրքերէնով մը խօսքին մէջ մտաւ: Անոնք ալ մրցումին համար Ամերիկայէն ի վեր եկած են: Երկուքը Մոտայէն, մէկը` Գումգափուէն, մէկը Պաքըրքէօյէն, մէկն ալ մշեցի հայ մըն է եղեր: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ. «Մրցումէն ետք մեր կիները Պոլսէն առնելով` Նիւ Եորք պիտի թռչինք»:
Հայաստան-Թուրքիա ազգային մրցումը սկսած պահուն թրիպիւնէն պահ մը լաթէ ազդեր կ՛երեւան.
«Հող, հատուցում, ճանաչում…»:
Ճանաչում` կ՛ակնարկուէր Ցեղասպանութեան մասին: Թուրք մը. «Բնաւ (հիչ) չեղաւ այս փանքարտը», ըսելով երբ մօտեցաւ, դաշնակցական ղեկավար Կիրօ Մանոյեանին անդրադարձը.- «Է՜հ, այն ատեն կուսակցութիւնը փակենք ու երթանք եղբայրս», եղաւ:
Ճեմալ Փաշայի թոռան`
Հասան Ճեմալի
«1915. Հայոց ցեղասպանութիւնը»
թրքերէն հատորէն
Հայացուց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ
Լաթաքիա
Յունուար, 2013
(Շար. 1)

