Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Յանկարծամահութիւն» Նիւթով

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար  2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յանկարծամահութիւն» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սրտաբան` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ յանկարծամահութիւնը ունի իր նախապատրաստող ազդակները եւ պատճառները: Որո՞նք են երեւոյթին պատճառները, կարելիութիւնը կա՞յ կանխելու պատճառը, ի՞նչ են պատահականութեան ազդակները, որոնք աւելի կը դիւրացնեն յանկարծամահութիւնը, ի՞նչ են նախազգուշական միջոցառումները: Դասախօսութեան ընթացքին վերոնշեալ հարցումներուն պատասխանեց տոքթ. Գրիգոր էճիտեան:

Տոքթ. Էճիտեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ յանկարծամահ ըլլալու պարագան ունի իր ծանր հետեւանքները, անձեր կորսնցնելու պարագան ու նաեւ հոգեբանական ցնցումը եւ հետեւանքը, որ կ՛ազդէ շրջապատին վրայ: Շարունակելով անդրադառնալ յանկարծամահ ըլլալու պարագաներուն` տոքթ. Էճիտեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ պայմաններու ներքեւ կարելի է հաստատել, որ ենթական յանկարծամահ եղաւ կամ ոչ, եւ այս բոլորը բժշկական ներկայ սահմանումով: Դասախօսը յստակօրէն բացատրեց մահանալու եւ մարելու տարբերութիւնները:

Բժիշկը ներկայացուց նաեւ այն պատճառները, որոնք յանկարծամահ ըլլալու նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն, յատկապէս սրտի հիւանդութիւններու սրտի երակներու պարագային, որոնք կը կազմեն 10-15 առ հարիւրը ընդհանուր յանկարծամահ ըլլալու թիւին: Երկրորդ խումբը, կը կազմէ, սրտի մկաններու պարագան, որ աւելի յաճախ կը պատահի երիտասարդներու մօտ: Մնացեալ պարագաները կրնան կազմել սրտի փականներու, արեան գերճնշումի պարագաները:

Այլ պարագաներ, ուր յակարծամահ ըլլալու հետեւանքները ակներեւ են` ուղեղին մէջ երակներու անբնական կացութիւն մը կը պարզուի ի ծնէ կամ արեան գերճնշումի պատճառով: Դասախօսը յիշեց նաեւ շաքարախտաւորներու պարագան, երբ արեան շաքարի քանակի անկումը հիւանդը առաջնորդէ քնախտի, ինչպէս նաեւ յանկարծամահ ըլլալու:

Տոքթ. Էճիտեան տարբեր սահիկներու օգնութեամբ բացատրեց, թէ սրտի մկանը ինչպէ՛ս ժամանակի ընթացքին կրնայ հաստանալ եւ տարբեր պայմաններու տակ ենթական կ՛առաջնորդէ յանկարծամահութեան:

Դասախօսը ներկայացուց նաեւ դարմանումներու միջոցները: Բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարդի մը մը զետեղումով, կարելի է բարեկարգել սրտի աշխատանքը եւ զարկերը:

Յանկարծամահ ըլլալու պարագային կանխարգիլման միջոցներէն մէկը նաեւ սրտի գործողութիւնն է:

Տոքթ. Էճիտեան շարունակելով բացատրեց այն գործնական միջոցները, երբ անհատը կը մարի կամ շնչասպառ կ՛ըլլայ: Այս պայմաններուն տակ պէտք է ենթական երկնցնել եւ ոտքերը բարձրացնել, յաճախ ասիկա բաւարար է, բայց ոչ բոլոր պայմաններու տակ:

Վերջին բաժինով դասախօսը մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս նախքան հիւանդատար կառքի ժամանումը կարելի է առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերել ենթակային, բայց ասիկա պէտք է պատրաստուած անձի մը միջոցով ըլլայ եւ բաւական զգուշութեամբ ու հետեւողականութեամբ:

Յակարծամահ ըլլալու պարագաները կարելի է նուազագոյնի իջեցնել տարբեր նախազգուշական միջոցներու դիմելով, օրինակ` մարզանքի, մեր սննդականոնին լաւապէս հսկելով, նուազեցնելով ծխելը եւ հետեւելով արեան շաքարին, քոլեսթերոլին, թրիկլիսերիտին եւ այլն:

Աւարտին դասախօսը մանրամասն բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )