Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նստատեղին այցելեց եւ Շրջանային վարչութեան դիւանին հետ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբի ատենապետ Վրէժ Աբրահամեան:

Տեսակցութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր ընդվզումը յայտնեց ճատրակի ֆետերասիոնի վերջին ընտրութիւններուն առնչութեամբ, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը դուրս մնացած էր ընտրուած ցանկէն:

Շըհատէ Ապու Նըմրի ընդունեց, որ եղածը սխալ մըն էր ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ, ատիկա անցեալին կը պատկանի եւ ինք այսօր ներկայացած է յիշեալ սխալը սրբագրելու միտումով: Ան մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մարզական գործունէութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ, մասնաւորաբար շեշտելով ճատրակի մարզը եւ հաստատեց, որ ապագային անցեալի սխալը չի կրկնուիր:

Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարը առաջարկեց, որ Շրջանային վարչութիւնը անուններ փոխանցէ ճատրակի ֆետերասիոնին` մօտ օրէն կազմուելիք զանազան յանձնախումբերուն մէջ գործելու համար:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յաջողութիւն մաղթեց ճատրակի ֆետերասիոնին` շեշտելով, որ ճատրակի մարզը բարգաւաճման ընթացքի մէջ է միութեան մէջ, եւ կարգ մը մասնաճիւղեր սկսած են կիրարկել ճատրակը` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային անոնք եւս դառնան ֆետերասիոնի անդամ:

Շրջանային վարչութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի գործունէութեան առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ 10 մարտին տեղի ունենալիք ճատրակի մրցաշարքին գծով` հաստատելով, որ մօտ օրէն ֆետերասիոնին կը ներկայացուին ՀՄԸՄ-ականներու անուններ` մաս կազմելու համար յառաջանալիք յանձնախումբերուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )