Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Ճոն Քերրի Վաղը Թուրքիա Պիտի Այցելէ
Իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի վաղը` ուրբաթ, Թուրքիա պիտի այցելէ, ուր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Էրտողանի եւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Խօսակցութեանց առանցքը պիտի կազմեն շրջանի հրատապ հարցերը, յատկապէս` սուրիական տագնապը, ինչպէս նաեւ` երկու պետութեանց միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնները:
Մերձաւոր Արեւելք կատարելիք իր այցելութեան նախօրեակին, Քերրի բուռն կերպով քննադատեց Սուրիոյ վարչակարգը` ընդգծելով, որ ժամանակը հասած է, որ Ասատ տուն մեկնի:
CATEGORIES Միջազգային


