Հռոմի Պապին Գահակալման Ժամկէտը Կ՛աւարտի Այսօր

Պապին հրապարակային վերջին հանդիպումը` հաւատացեալներուն հետ

«Ութ տարի առաջ, 19 ապրիլին ընդունեցի աղօթել ու ղեկավարել եկեղեցին, սակայն այսօր ֆիզիքապէս ուժասպառ եմ եւ կը խնդրեմ, որ ինծի համար աղօթէք», յայտարարեց Հռոմի հրաժարեալ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը` Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած էին իրեն իր պապականութեան օրերուն: Պապական իր դիրքէն մեկնումի յատուկ արարողութիւններն ու ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր` հինգշաբթի: Պապը նախքան իր մեկնումը դէպի մօտակայ ճգնարան մը, պիտի տեսակցի նաեւ կարտինալներուն հետ:

Մեկնումի արարողութեան ընթացքին պապին շրջագայութիւնը կայացաւ ապահովական խիստ հսկողութեան տակ: Անոր ամառնային կեցարան մեկնումէն երեք ժամ ետք պիտի սկսի «թափուռ աթոռ»-ի ժամանակաշրջանը:

 

Share this Article
CATEGORIES