Ամերիկեան Ծերակոյտը Վաւերացուց Հէյկըլի Նշանակումը

Չաք Հէյկըլ եւ նախագահ Օպամա

Ամերիկեան Ծերակոյտը վաւերացուց Չաք Հէյկըլի պաշտպանութեան նախարար նշանակման որոշումը: Նշենք, որ վաւերացումի նման փորձ մը յետաձգուած էր անցնող 15 փետրուարին` գլխաւորաբար հանրապետականներու ընդդիմութեան պատճառով: Սէուտական «Օքազ» օրաթերթը, ամերիկացի փորձագէտներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, նշած էր, որ հանրապետականներու ընդդիմութիւնը հետեւանք է ամերիկեան կառավարութեան վրայ բանեցուող իսրայէլեան ճնշումներուն:

Share this Article
CATEGORIES