Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մոսկուայի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ իսլամական կրօնը ներողամտութեան կրօնն է, սակայն իսլամութեան հետեւող փոքրամասնութիւն մը կայ, որ կ՛աղաւաղէ այդ կրօնին քաղաքակիրթ դիմագիծը:
ՍՈՒՐԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ նախանցեալ երեկոյեան Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարած է Մոսկուայէն Դամասկոս վերադարձին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած ընտրական օրինագիծերը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւններ ստեղծած են, սակայն այդ տարակարծութիւնները չեն հասած յարաբերութիւնները խզելու աստիճանին: Ան աւելցուց, որ ներկայիս առկայ խորհրդակցութիւնները միասնաբար թաղած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծն ու 1960-ի ընտրական օրինագիծը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 500 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութինը` 100 լ. ոսկիի յաւելում:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ համախոհական ընտրական օրէնքի մը յանգելու համար պէտք է շարունակել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցած խառն օրինագիծերուն քննարկումը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Թրիփոլիի մէջ աւելի քան 20 ձայնային ռումբ նետած յանցագործ մը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող Ֆաթհ իսլամի արգելափակեալները իրենց պատկանող բանտին կառոյցը վերածած են Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնին: Այդ շարժումին կազմակերպական աշխատանքը կը կատարեն հինգ շէյխեր, որոնց նպատակն է ստեղծել իսլամական էմիրութիւն մը, որուն իշխանութիւնը Լաթաքիայէն կը սկսի` հասնելով մինչեւ Սայտա եւ Պեքաա:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումին թղթածրարը խորհրդարանին փոխանցելու հարցը կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ չզետեղելը ամօթալի է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Սապա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը ներկայացնէ այդ հանդիպումը եւ ոչ թէ յոյն ուղղափառ համայնքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ պահանջեց սկսիլ Ժալ Էլ Տիպի փապուղիին շինութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կայ ամերիկեան ուղղուածութիւն մը, որ կը միտի զսպել սուրիական տագնապին դէպի Լիբանան թափանցումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ տակաւին կարելիութիւն կայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու: