Բանակը Շայահի Մէջ Կը Ձերբակալէ Եգիպտացի Մը

Լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հարաւային արուարձաններու Շայահ շրջանին մէջ ձերբակալեց Մոհամետ Զաքին, որ եգիպտացի քաղաքացի մըն է եւ այդ շրջանին մէջ գտնուող ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ իրեր վաճառող «Ճինա Սել» վաճառատան սեփականատէրը:

Բանակին համաձայն, ան ամբաստանուած է Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարելու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES