Միքաթի Ընդունեց Նախարար Մանճեանը

Մանճեան եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու, որ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութիւնը հանդարտեցնելը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար:

Միւս կողմէ, վարչապետը երէկ դարձեալ ընդունեց Հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաները ներկայացնող պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան պատուիրակութեան պահանջները, ապա սենտիքաներուն անունով Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ պատուիրակութեան կողմէ կատարուելիք այսօրուան ցոյցը յետաձգուած է յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES