Ուահապ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Յետաձգումը Անխուսափելի Է»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ ընդունեց Մարատա հոսանքի երիտասարդական թեւի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս ընտրական օրէնքի մը շուրջ խորհրդակցութիւնները տակաւին առկայ են` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը կը խուսափին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումէն:
«Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը` կարելի է հաստատել, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անխուսափելի է», ըսաւ Ուահապ:
Ան կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի կը վերածէ եւ հիմնուած կ՛ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ:
Ուահապ խստիւ քննադատեց լիբանանցի այն ղեկավարները, որոնք իրենց անձնական շահերուն մասին կը մտածեն եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն ու լիբանանեան բոլոր համայնքներուն:

