Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարել Ճշդուած Թուականին»

Պըրրի` Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Պըրրի երեսփոխաններուն ներկայացուց խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տրամադրած ընտրական օրինագիծի իր տարբերակը, որ խառն է եւ հիմնուած համամասնական ու մեծամասնական դրութեանց վրայ:

Պըրրի շեշտեց, որ իր օրէնքին համաձայն, երկրին ընտրաշրջաններու բաժանումները կը մնան նոյնը, 64 երեսփոխաններ կ՛ընտրուին ըստ համամասնական դրութեան, իսկ մնացեալ 64-ը` մեծամասնական դրութեան համաձայն:

Ան նկատել տուաւ, որ եթէ իր օրինագիծը մերժուի, ապա Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը առկայ է, եւ կամ կ՛ուղղուին դէպի սահմանադրութեան թիւ 22-րդ յօդուած:

Խորհրդարանի նախագահը երեսփոխաններուն հետ քննարկեց նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնը:

Ընտրական օրէնքի քննարկումին ծիրին մէջ Պըրրի ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքին մէկ պատուիրակութիւնը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հիշամ Նասրէտտին:

Պատուիրակութիւնը համաձայն գտնուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ աւելցուց, որ Պըրրի պիտի չարտօնէ, որ խորհրդարանին մէջ ազգային ուխտին հետ հակադրուող քայլ մը առնուի:

Նշենք, որ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը շարունակուի, ապա երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կրնայ յետաձգուիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )