«Կը Զգանք, Որ Ոմանք Կը Փափաքին Երկրին Մէջ Սադրանքներ Ստեղծել» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ինք ողջ առողջ է` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը օրինակ մըն է` Հըզպալլայի դէմ յայտարարուած տեղեկատուական պատերազմ մը կայ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին շեշտուած կերպով կ՛ընթանայ:
Ընտրական օրինագիծին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը պիտի շարունակէ մնալ առաջին դիրքի վրայ` նկատի ունենալով խորհրդարանի միացեալ նիստերուն ընթացքին ստացուած քուէարկութեան պատկերը, սակայն միաժամանակ այլընտրանքներու որոնումը ընթացքի մէջ պիտի ըլլայ:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ եթէ տրամաբանութեամբ եւ առարկայական ձեւով փորձենք քննարկել Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող ընտրական օրնագիծը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ, ապա պիտի տեսնենք, որ անիկա արդար օրինագիծ մըն է, որ հաւասարութիւն կ՛ապահովէ, կը պաշտպանէ երկիրը, կ՛արգիլէ ծայրայեղութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնը:
«Նկատի ունենալով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, որ իրենք կը ներկայացնեն լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը, ապա պէտք է ընդունին այդ օրինագիծը եւ ստանձնեն Լիբանանի իշխանութիւնը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` ընդգծելով, որ Հըզպալլա կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը եւ կը փափաքի այդ ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
«Ինչ կը վերաբերի պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին, ապա մենք կը մաղթենք, որ կը գումարուի արտակարգ նիստ մը եւ կարելի եղածին չափ շուտ այդ թղթածրարը փոխանցուի խորհրդարանին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա լուսարձակի տակ առաւ սահմանային միջադէպերը, յատկապէս Հըրմելի եւ Ռիֆ Քուսէյրի մէջ պատահած ապահովական միջադէպերը` շեշտելով, որ այդ գիւղաքաղաքներուն մէջ գտնուող բնակիչներուն մնացորդացը ինքնապաշտպանութեան դիմողներն են:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ բնակիչները այդ շրջաններուն մէջ կը գտնուին հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր եւ կը կրեն լիբանանեան քաղաքացիութիւն, հետեւաբար անոնց իրաւունքն է պաշտպանել իրենց գոյութիւնն ու ինչքերը եւ կալուածները:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց սակայն, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն վտանգաւորը կը մնայ երկրին մէջ սադրանքներ հրահրելու հաւանականութիւնը: «Մենք պէտք չէ մեր մատին ետին պահուըտինք, այլ` պէտք է այդ մասին այս պահուս, տուեալ պայմաններուն ընթացքին խօսինք եւ անկեղծութեամբ արտայայտուինք, որովհետեւ մենք սկսած ենք մտածել, թէ ոմանք կը փափաքին, որ մեր եւ սադրանքներուն ու գրգռութիւններուն միջեւ օրեր բաժնեն եւ ոչ թէ ամիսներ կամ տարիներ», ըսաւ ան:
Ակնարկելով Սայտայի մէջ բնակելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սայտայի մէջ Հըզպալլա բազմաթիւ դաշնակիցներ ունի, որոնցմէ հիմնականները սիւննի են: «Բայց եւ այնպէս կան հազարաւոր շիի ընտանիքներ, որոնք հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր կ՛ապրին Սայտայի մէջ: Նորութի՞ւն է այս հանգրուանին Սայտայի մէջ բնակելու համար արտօնութիւն պահանջելը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կռուած է ազատագրելու համար Սայտան եւ հարաւային Լիբանանը, իսկ Սայտայէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջէն ի վեր Հըզպալլա ունի իր կեդրոնները, բնակարանները, մզկիթներն ու միութիւնները: «Մենք Ապրայի մէջ կեդրոններ ունեցած ենք եւ ունինք` նախքան այդ շրջանին մէջ մզկիթներու գոյութիւնը: Մենք մզկիթին կից կեդրոն չբացինք, այլ` աւելի քան քսան տարուան մեր կեդրոնին կից ոմանք մզկիթ շինեցին», ըսաւ ան` հարց տալով «դէպի ո՞ւր»:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պէտք է ցեխարձակումներուն վերջ տրուի` աւելցնելով, որ իրենք ցեխարձակումներու չեն պատասխաներ: «Մենք շատ շատ յանձնառու ենք այդ ցեխարձակումներուն չպատասխանելու առումով, սակայն ոչ ոք մեզի հետ սխալ հաշիւներ թող կատարէ», ըսաւ ան: