Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Ատնան Մերհեպ կարդաց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստէն բխած հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, վիճակը այն շրջաններուն մէջ, ուր ապահովական միջադէպեր արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ փրկագին պահանջելու պատճառաբանութեամբ արձանագրուող առեւանգումները:
Պաշտպանութեան գերագոյն նիստին մասնակից կողմերը ապահովական կառոյցի ղեկավարներէն իմացան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեցին առնուելիք կարեւոր քայլերը, որոնք պիտի կանխարգիլեն երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը խանգարելու փորձերը:
Մերհեպ յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին որոշումները գաղտնի պիտի մնան:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան արծարծելիք օրակարգը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա: Քննարկուեցան քաղաքական եւ ընտրական զարգացումները, յատկապէս ընտրական արդիական օրէնքի մը մշակումը` ապահովելու համար բոլորին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, յարգելով սահմանադրութիւնն ու ազգային ուխտին հիմքերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնն ու նախարարութեան որդեգրած քայլերը` ամրապնդելու համար այդ մարզը:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հարցը:
Նշենք, որ երեսփոխան Պահիա Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ անոր ներկայացուց Սայտայի մէջ տիրող կացութիւնը:


