Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ` Վարչապետարանին Մէջ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Թէեւ կառավարութիւնը քննարկումի չենթարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու մանրամասնութիւնները, սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անդրադարձաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին որդեգրած քայլերուն եւ անկէ պահանջեց յաւելեալ մագլցումներու չուղղուիլ, որովհետեւ կառավարութիւնը իր վերջին խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները կը կատարէ` այդ յաւելումները շնորհելու նպատակով:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, սակայն միաժամանակ կը հոգայ նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան:

Ան աւելցուց, որ ինք յառաջիկայ օրերուն Տնտեսական խորհուրդներուն հետ պիտի ունենայ հանդիպումներու շարք մը եւ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի նախագահէ այդ յաւելումները քննարկելու նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին նիստին` շարունակելու համար քննարկումները:

Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, կառավարութիւնը կ՛ուղղուի վաղն իսկ գումարելու արտակարգ նիստ մը` յաւելումները յղելու համար խորհրդարան:

Վարչապետ Միքաթի կառավարութեան փոխանցեց նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի խստացնէ երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 124 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ անիկա բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքը երկարաձգած է մինչեւ յառաջիկայ 30 յունիս, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիէն պահանջած նուազուրդ մը պատրաստել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )