Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ծովածաւալ Բազմութեամբ Ողողեց Պէյրութը

Ծովածաւալ բազմութիւնը` Պաշուրայի շրջանին մէջ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ շարունակեց պահանջել իր իրաւունքները եւ ձեռնարկեց մեծ ցոյց-քայլարշաւի մը, որ սկսաւ Պարպիրի կամուրջէն, անցաւ Պասթայէն, հասնելով մինչեւ վարչապետարան:

Ցոյցին մասնակցեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն մը, որ Լիբանանի կառավարութեան ուղղելով իր կոչերն ու պաստառները, անկէ պահանջեց խորհրդարան փոխանցել իր իրաւունքները:

Խորհուրդը հաստատեց, որ եթէ այս շաբթուան ընթացքին կարելի չըլլայ աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարը փոխանցել խորհրդարան, ապա խորհուրդը կոչ պիտի ուղղէ աշակերտներուն եւ ծնողներուն` միանալու իրենց շարքերուն եւ զօրակցելու իրենց, որպէսզի ամբողջական եւ ընդհանուր գործադուլ կատարուի երկրին մէջ:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ մարմնաւորուած այս պատկերը տակաւին գագաթնակէտը չի նկատուիր` աւելցնելով, որ ասիկա պարզապէս սկիզբն է Լիբանանի մէջ անօթիներու յեղափոխութեան:

«Անոնք պէտք է լաւ ըմբռնեն, որ ասիկա յստակ նշան մըն է, որ այդ յեղափոխութիւնը աւելի եւս պիտի սաստկանայ», ըսաւ Ղարիպ` կոչ ուղղելով կառավարութեան եւ պատասխանատուներուն յապաղումներ եւ ձգձգումներ չարձանագրելու:

Հաննա Ղարիպ կ՛ուղղէ իր խօսքը

Ղարիպ նշեց, որ հանգստեան կոչուող ուսուցիչներուն իրաւունքէն կաթիլ մը իսկ պիտի չզիջին եւ հրաւիրեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին ներկայանալու ժողովուրդին ցոյցերուն եւ լսելու անոր պահանջները:

Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ նշեց, որ կարելի չէ ուսուցիչներուն 50 կամ 60 տարուան իրաւունքները ուրանալ` աւելցնելով, որ իրենք աւազակներ չեն եւ իրենց յայտարարած դասադուլը սպիտակ ու անբիծ շարժում մըն է` ուղղուած կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ:

Նշենք, որ Արդարութեան պալատին մէջ դատավարութիւնները կասեցուեցան, դատաւորներուն եւ իրաւաբաններուն կողմէ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ցոյցին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան պատճառով:

Խորհուրդին կողմէ այսօր կեդրոնական նստացոյցեր պիտի կատարուի ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնատեղիին դիմաց:

Share this Article
CATEGORIES