«Բռնութիւնը Հայաստանի Պետութեան Եւ Քաղաքական Ուժերուն Պատիւ Պիտի Չբերէ» Կ՛ըսէ Յովիկ Աբրահամեան

Յովիկ Աբրահամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները ընդունեցին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի առաջարկը` արտակարգ նիստի մը ընթացքին քննարկելու յետընտրական իրավիճակը:

Աբրահամեան յայտնեց, որ կը պատկերացնեն արտակարգ նիստ մը կազմակերպել, քննարկել յետընտրական իրավիճակը եւ աւարտին ընդունիլ յայտարարութիւն մը:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ յետընտրական հոլովոյթները Հայաստանի մէջ յաճախ բռնութեամբ կանխուած են եւ պատասխանելով այն հարցումին, որ այս անգամ իշխանութիւնը ինչպիսի՞ հանգուցալուծում կը տեսնէ, Ազգային ժողովի նախագահը արձագանգեց, որ բռնութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ քաղաքակն ուժերուն պատիւ պիտի չբերէ:

Ըստ անոր, Րաֆֆի Յովհաննէսեան այնքան ողջմիտ է, որ բախումի չի դիմեր եւ իր գործողութիւնները «կը տեղաւորէ օրէնքի շրջագիծին մէջ»:

Յովիկ Աբրահամեան վստահեցուց, որ ինք կը բացառէ որեւէ ապօրինի գործառոյթ իշխանութեան որեւէ նախարարութեան կողմէ:

Ըստ Ազգային Ժողովի նախագահին, իշխանութիւնը այժմ կը սպասէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի «ողջմիտ առաջարկներուն»: Ան ճիշդ նկատեց, որ Յովհաննէսեան ընտրողներուն կողմէ ողջմիտ առաջարկներ ներկայացնէ եւ նոյնիսկ պարտադրէ, հիմնաւորէ, ապացուցէ, յորդորէ, որ «ընդունինք, լուրջ բարեփոխումներ իրականացնենք, լուրջ մարդուժի քաղաքականութիւն իրականացնենք: Իմ կարծիքովս, ատիկա է ճիշդ ճամբան` եթէ կը մտածենք մեր երկրին յառաջընթացին մասին»:

Նախորդ նախագահական ընտրութեան Սերժ Սարգսեանի նախընտրական գրասենեակը ղեկավարած Յովիկ Աբրահամեան կարծիք յայտնեց, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի իսկական ձայները արտացոլուած էին մայիսին տեղի ունեցած Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին (նշենք, որ Ժառանգութիւնը ստացաւ 5 պատգամաւորական աթոռներ):

Ազգային Ժողովի նախագահը համոզում յայտնեց, որ Ժառանգութեան առաջնորդը պէտք է ընդունի իր պարտութիւնը, շնորհաւորէ Սերժ Սարգսեանը եւ իր ստացած 500 հազարէն աւելի ձայները ոչ թէ հաւաքներուն ընթացքին օգտագործէ, այլ` Հայաստանի մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Արձանագրելով, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը 915 քաղաքային եւ գիւղական համայնքներէն պարտուած է ընդամէնը 70-ին մէջ, Յովիկ Աբրահամեան նշեց, թէ ինք կը կարծէ, որ այդ համայնքներուն ղեկավարները պէտք է հրաժարական ներկայացնեն:

Ըստ անոր, Շիրակի մարզպետի եւ Արմաւիրի քաղաքապետին հրաժարականները կուսակցութեան պարտադրանք չեն եղած: Ան զանոնք կը դիտարկէ բարոյական հարթութեան վրայ:

Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ 2018 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն չի ցանկար առաջադրել իր թեկնածութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )