Կիրօ Մանոյեան Կը Ներկայացնէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Հանգամանքները

Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, արտառոց դէպք մը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Սումկայիթի սպանդի 25-ամեակին նուիրուած` ՀՅԴ Ֆրանսայի  Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ձեռնարկին ժամանակ: Այս դէպքին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ ազրպէյճանցի երկու տղաներ եւ աղջիկ մը, որոնք կը բնակին Ֆրանսայի մէջ, ինչ-ինչ ճամբաներով մուտք գործած են այդ սրահը, ուր տեղի կ՛ունենար ձեռնարկը եւ փորձած են սադրել ձեռնարկի մասնակիցներուն:

Մասնաւորաբար` երբ ձեռնարկին հաղորդավարուհին ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, ազրպէյճանցիները ոտքի չկանգնեցան եւ յայտարարեցին, որ պիտի յարգեն միայն Խոջալուի զոհերուն յիշատակը: Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան մօտեցաւ անոնց եւ ըսաւ, որ եթէ պիտի խանգարեն, ապա դուրս թող գան սրահէն, որուն իբրեւ պատասխան ազրպէյճանցի տղան Հրաչ Վարժապետեանին հարուածելու փորձ կատարեց եւ մասնակիցներէն քանի մը հոգի պատասխանեցին անոր: Անկէ ետք ստեղծուած քաշքշուքին միջամտեց ոստիկանութիւնը:

Անկէ 5 վայրկեան ետք Ազրպէյճանի դեսպանը այցելեց Ֆրանսայի խորհրդարան եւ այնտեղ եղած են նաեւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Կիրօ Մանոյեան տեղեկացուց, որ Ազրպէյճանի դեսպանի եւ լրագրողներուն շատ շուտ` բառիս բուն իմաստով 5 վայրկեան անց տեղ հասնիլը կը վկայէ այն մասին, որ ասիկա նախապէս ծրագրուած քայլ եղած է: Ըստ անոր, Փարիզի գրասենեակը դատ բացած է այդ երկու ազրպէյճանցիներուն դէմ, իսկ ազրպէյճանցիներն ալ իրենց կարգին դատ բացած են Հայ դատի յանձնախումբին դէմ: «Եւ որքանով որ տեղեակ եմ` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունն ալ դիմած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, բայց բողոքած է նաեւ ազրպէյճանական դեսպանատունը», տեղեկացուց Կիրօ Մանոյեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ կարծես ոստիկանութիւնը հաստատուած նկատած է այն փաստը, որ այս միջադէպը նախապէս ծրագրուած սադրանք եղած է Ազրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ, թէեւ այս պարագային Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունի, եւ ճիշդ անոր համար ալ դատական դիմումը ներկայացուած է խառնակիչ անհատներուն դէմ , որոնք ֆրանսական-ազրպէյճանական կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն: Մանոյեան հաղորդեց, որ տակաւին պարզ չէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցիներ յաջողած են մուտք գործել խորհրդարանի շէնքը, քանի որ անոնց անունները հիւրերու ցանկին վրայ չկային եւ անոնք նոյնիսկ հրաւիրուած չէին ձեռնարկին մասնակցելու:

«Թէ ի՛նչ հետագայ քայլեր պիտի առնուին, իրադարձութիւններուն հետեւինք եւ տեսնենք, բայց կարեւորը այն է, որ Սումկայիթի ջարդերու 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը շարունակուած է: Վաղը նաեւ ցոյց կայ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Անկախ այս միջադէպէն` այդ ցոյցը նախատեսուած էր», երէկ յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշեց, որ միայն քանի մը ազրպէյճանամէտ խորհրդարանականներ հայկական կողմը փորձած են մեղադրել միջադէպին համար, սակայն բոլորն ալ դէմ են, որ այսպիսի բաներ պատահին, մանաւանդ խորհրդարանի շէնքին մէջ:

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը
Դատի
Կու Տայ Ազրպէյճանցի Խուլիկանները

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը դատ բացած է միջադէպը հրահրած ազրպէյճանցիներուն դէմ:

Ֆրանսայի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան տեղեկացուց, որ «մենք, իբրեւ կուսակցութիւն, արդէն ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջած ենք դատ բանալ ազրպէյճանցիներուն դէմ», ըսաւ Վարժապետեան` յստակացնելով, որ դատական պահանջը «ֆիզիքական, բարոյական եւ արտայայտման յարձակում» ձեւակերպման ներքեւ արդէն դատարան ներկայացուած է:

Վարժապետեան կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ հաստատուած է կատարուածին` Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ սադրանք ըլլալը: «Դէպքէն 5 վայրկեան չանցած Ազրպէյճանի դեսպանը եւ անոր անձնակազմը եկան խորհրդարան` դիւանագիտական բողոք բարձրացնելու համար», ըսաւ Վարժապետեան: Ան աւելցուց, որ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները նոյնպէս դէպքէն քանի մը վայրկեան ետք ողողած էին խորհրդարանի շրջակայքը: «Փարիզի մէջ ամէնէն կարճ ճանապարհորդութիւնը առնուազն 30 վայրկեան կը տեւէ: Արագ լուր ստանալու եւ ժամանելու համար առնուազն ժամ մը պէտք էր, սակայն ազրպէյճանցիները քանի մը վայրկեան ետք ժամանած էին արդէն», նկատել տուաւ Վարժապետեան:

Ան ներկայացուց Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ 27 փետրուարին տեղի ունեցած անախորժ միջադէպին հանգամանքները: Ըստ Վարժապետեանի, ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած ձեռնարկին մեծաթիւ ֆրանսացի երեսփոխաններ եւ հիւրեր ներկայ էին: «Ամէն ինչ խաղաղ ընթացաւ, տեղի ունեցան քաղաքական բարձր մակարդակի ելոյթներ: Հայ համայնքի ղեկավարութեան պատգամը այն էր, որ 25 տարի ետք միակ ելքը Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումն է», ըսաւ ան:

Վարժապետեան նշեց, որ երկրորդ պատգամը սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս ֆրանսահայութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդին զօրակցութեան յայտնումն էր` իր ճակատագիրը ընտրելու հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES