Րաֆֆի Յովհաննէսեան Իր Հանդիպումները Շարունակեց Սիւնիքի Մարզին Մէջ
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ շարունակեց իր մարզային շրջագայութիւնը եւ հանդիպումներ կատարեց Սիւնիքի մարզին մէջ:
Ան այցելեց մարզի Ագարակ եւ Մեղրի քաղաքը:
Ագարակի մէջ, ուր հանդիպման կը մասնակցէին քանի մը տասնեակ մարդիկ, Յովհաննէսեան կծու քննադատութիւններ ուղղեց տեղական իշխանութիւններուն եւ մասնաւորաբար քաղաքապետին` յայտնելով, որ ընտրութիւնները կեղծուած են: Ան քաղաքապետը քննադատեց նաեւ այն բանին համար, որ նոյնիսկ դուրս չէր եկած զինք դիմաւորելու եւ բարեւելու:
Ըստ Յովհաննէսեանի, ընտրութիւններու կեղծման գործին մէջ իր մեղքը ունի նաեւ մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան:
Մեղրիի մէջ Ժառանգութեան առաջնորդը մտաւ քաղաքապետարան, քաղաքապետէն պահանջեց բաց հանդիպում` լրագրողներուն ներկայութեամբ եւ քաղաքապետ Արշաւիր Յովհաննիսեան ընդունեց առաջարկը:
Անդրադառնալով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի այն պնդման, որ ընտրութիւնները այստեղ եւս կեղծուած են, քաղաքապետը հակադարձեց` նշելով, որ Յովհաննէսեան քաղաքին մէջ հաւաքած է 700-էն աւելի ձայն, այն պարագային, երբ վերջինս եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը Մեղրիի համար ոչինչ կատարած են:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան բազմամարդ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կապանի բնակիչներուն հետ: Այսօր Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը կայանայ Յովհաննէսեանի հերթական հանրահաւաքը:


