Պօղոս Գալստեան Նշանակուեցաւ Ղազախական Աքժայիքի Մարզիչ

Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ղազախական Աքժայիք ֆութպոլի խումբին պատասխանատուները գլխաւոր մարզիչ նշանակեցին փորձառու մարզիչ Պօղոս Գալստեանը:

Ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Այս մարզիչին մասին շատ երկար կարելի է խօսիլ եւ անշուշտ` միայն դրական խօսքեր: Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է անուանի ակումբներու, ինչպէս նաեւ աշխատած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի խումբերուն հետ: Ան իսկապէս արհեստավարժ մարզիչ մըն է»:

Նշենք, որ Աքժայիք այժմ մաս կը կազմէ Ղազախստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, որ նախորդ տարի գրաւեց 8-րդ դիրքը:

Եզրակացնելով հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ 1996-2001 Պօղոսեան եղած է Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ եւ Հայաստանի հաւաքականի մարզիչի օգնական:

Share this Article
CATEGORIES