Էն. Պի. Էյ. Հիթ Յաղթեց, Ճէյմս Նշանակեց 40 Կէտ

Լեպրըն Ճէյմս (աջին)

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Մայեմի Հիթ արձանագրեց տարեշրջանի իր 41-րդ յաղթանակը, երբ երկարաձգման ընթացքին 141-129 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 40 կէտ, 16 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 39 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 98-84
Ինտիանա Փէյսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 108-97
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ 141-129
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շիքակօ Պուլզ 101-98
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Օրլինզ 101-97
Միլուոքի Պաքս – Տալաս Մավըրիքս 95-90
Ֆէոնիքս Սանզ – Մինեսոթա Վուլվզ 84-83
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 84-106

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Օրլանտօ Մեճիք – Սաքրամենթօ Քինկզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Եորք Նիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Միլուոքի Պաքս
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Օրլինզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Եութա Ճեզ – Աթլանթա Հոքս
Փորթլենտ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց

Share this Article
CATEGORIES