Ռոպերթ Արզումանեան Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Աքթոփէի Հետ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ղազախական Աքթոփէ խումբին հետ:
Սակայն պէտք է նշել, որ անոր իսկական ստորագրութիւնը կը պատկանի լեհական Եաքելոնիայի:
27 տարեկան ֆութպոլիստը օգոստոս 2012-ին փոխ տրուեցաւ ռուսական Էներկիայի, ուրկէ հեռացաւ ձմրան: Նախորդ յունուարին ան սկսաւ մարզուիլ Աքթոփէի հետ, որուն հետ կատարեց շարք մը փորձ-մրցումներ:
Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Աքթոփէ 2012-ի Ղազախստանի ախոյեանութեան աւարտին երրորդ հանդիսանալով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 2013-2014 տարեշրջանի «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական

