ՖԻՏԷ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Լեւոն Արոնեան Բարելաւեց Իր Կէտերուն Գումարը

Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան ՖԻՏԷ-ի նոր դասաւորման էջ բարելաւեց իր կէտերուն գումարը:

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ողիմպիականի եռակի ախոյեանը ներկայ դրութեամբ ունի 2809 կէտ եւ կը մնայ երրորդ դիրքին վրայ:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որ ունի 2872 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Վլատիմիր Քրամնիք` 2810 կէտով:

6 հոկտեմբեր 1982-ին Երեւանի մէջ ծնած Արոնեան Հայաստանի հաւաքականին հետ միջազգային ողիմպիականի ախոյեան հանդիսանալէն բացի տիրացած է նաեւ բազմաթիւ տիտղոսներու, իսկ 2005-ին եւ 2006-ին ընտրուած է Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը:

Share this Article
CATEGORIES