Լեւոն Ջուլֆալակեան Գոհ Մնաց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին Հաւաքականին Ելոյթներէն

Լեւոն Ջուլֆալակեան (աջին)

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ գոհ մնացած է Թեհրանի մէջ (Իրան) տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի մրցաշարքին հայ մարզիկներուն ելոյթներէն:

Ան առանձնացուց Ալեքսան Միքայէլեանի (60 քկ) եւ Սարգիս Տոնոյեանի (96 քկ) ելոյթները:

«Թէ՛ ռուսերը եւ թէ՛ իրանցիները, մրցաշարքին մասնակցեցան իրենց հզօրագոյն կազմով: Սակայն, մեր տղաքն ալ բաւական յաջող ելոյթներ ունեցան եւ կրնամ ըսել, որ ընդհանուր առմամբ գոհ եմ անոնց կատարած ներկայացումներէն», ըսաւ ողիմպիականի նախկին ախոյեանը:

Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը 16-21 փետրուարին Թեհրանի մէջ 9 մարզիկով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման չորրորդ դիրքը:

Ներկայիս Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսած է ըմբշամարտի ազգային հաւաքականին առաջին ուսումնամարզական հաւաքը, որ պիտի շարունակուի 7-21 մարտ:

Share this Article
CATEGORIES