50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1963)

Ինչպէ՞ս Պիտի Ապրինք Հարիւր Տարի Վերջ

Շարժուն Մայթեր Քաղաքներու Մէջ,
Մարդիկ
Պիտի Թռչին, Օդը Պիտի Հակակշռուի,
Նաւերը
Անհատական Ուժով Պիտի Գործեն

Ամէն օր ա՛յնքան շատ գիւտեր, հնարքներ եւ կատարելագործումներ կ՛ըլլան, որ յատուկ սպասարկութիւն մը պէտք է անոնց հետեւելու համար: Որով, երբ մարդ կը հարցնէ, թէ արդեօք ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ կեանքը մէկ դար յետոյ, բացարձակապէս իրաւացի է, որովհետեւ, թեքնիք յառաջդիմութեան ներկայ թափով, հարիւր տարուան ընթացքին մեր կեանքին մէջ մտնելիք փոփոխութիւնները հիմնական պիտի ըլլան, եւ աշխարհի երեւոյթը այսօրուընէ  բոլորովին տարբեր պիտի ըլլայ: Ա՛յնքան տարբեր, որ անկարելի պիտի ըլլայ բաղդատական մը ընել անոր` եւ այսօրուանին միջեւ:

Օրինակի համար, ո՞վ կրնայ հաւատալ, թէ ինքնաշարժները պիտի վերնան: Ներկայիս, ամէն տարի, գործարաններէն ելլող միլիոնաւոր ինքնաշարժներու հսկայական արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ իբրեւ ապրանքներու եւ մարդոց փոխադրութեան միջոց ինքնաշարժի ամբողջական պարտադրումը նկատի առնելով` ակնկալելի է, որ ապագային ինքնաշաժները ոչ միայն մեծ չափով պիտի աւելնան, այլ նաեւ պիտի կատարելագործուին եւ աւելի արագընթաց եւ ապահով պիտի դառնան:

Շարժական Ճամբաներ Եւ Նոր Ինքնաշարժներ

Սակայն ճիշդ հակառակը պիտի պատահի: Ներկայիս ինքնաշարժներուն թիւը արդէն այնքան շատ է, որ չկայ քաղաք մը, որ շրջագայութեան հարցի առջեւ չգտնուի: Ուստի, հարիւր տարի վերջ, եւ հաւանաբար` աւելի կանուխ ալ, ինքնաշարժները, գէթ քաղաքներու մէջ, պիտի չգործածուին: Մարդիկ քաղաքներու մէջ  պիտի շրջին «շարժական մայթեր»-ու եւ կամ ճամբաներու օգնութեամբ, որոնք պիտի գործեն այնպէս, ինչպէս ներկայիս կը գործեն շարժական սանդուխները:

Փողոցի լայնքին գոյութիւն պիտի ունենան ամէն ուղղութեամբ երեք կամ չորս մասեր, որոնցմէ ամէն մէկը տարբեր արագութիւն պիտի ունենայ, որպէսզի ատենին կարենան իրենց ուզած տեղը հասնիլ շտապողները, իսկ վազել չկրցողներն ալ հանդարտօրէն երթան:

Դարեր շարունակ մարդուն ամէնէն մեծ արագութիւնը քալելու արագութիւնն էր: Յետոյ եղաւ ձիուն արագութիւնը: Եւ վերջերս հարիւր անգամ աւելցաւ: Այսինքն, ներկայիս արագութեան գործնական սահմանը անցած ենք: Իսկապէս, ոչ ոք պէտք ունի ժամական հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ երթալու: Ոչ ոք, բացի բժիշկներէն, ոստիկաններէն եւ հրշէջներէն: Այսօր կան ինքնաշարժ ունեցող շատ մը մարդիկ, որ զանոնք կը գործածեն միայն գէշ օդի ատեն: 2063-ին այդ բանը գոյութիւն ունենալէ դադրած պիտի ըլլայ: Քաղաքներու շրջաններուն մէջ օդը ամբողջապէս հակակշռի տակ պիտի ըլլայ եւ շատ աւելի կանուխ կարելի պիտի ըլլայ բացարձակ ճշգրտութեամբ եւ երկար ատենուան համար նախատեսել օդը` շնորհիւ օդերեւութաբանական արուեստական արբանեակներուն:

Ուրեմն, ապագայ քաղաքներու փողոցները շարժական մայթեր պիտի ըլլան եւ ինքնաշարժները քաղաքներէն աքսորուած ըլլալով` պիտի շարունակեն երթեւեկել 20-էն 200 քիլոմեթր տարածութեան վրայ, մարդիկ փոխադրելու համար: Բայց այդ ինքնաշարժները բոլորովին տարբեր պիտի ըլլան այսօրուաններէն: Այսօր կը տեսնենք երկու թոն ծանրութեամբ ինքնաշարժներ, որոնք ահագին վառելանիւթ կը գործածեն ու միայն մէկ մարդ կը փոխադրեն: Ինքնաշարժի վարորդ մը, իր կեանքի տեւողութեան անփոխարինելի քանակութեամբ վառելանիւթ կը գործածէ, ա՛յնքան` որքան չէ գործածուած մարդկութեան ամբողջ պատմութեան մէջ, մինչեւ ինքնաշարժի գիւտը: Միւս կողմէ, ճամբաներու խնամքը կ՛արժէ այնքան, որքան պզտիկ պատերազմ մը, մինչդեռ ինքնաշարժներու երթեւեկը պատերազմէ մը աւելի շատ զոհեր կը խլէ:

Այս բոլորը պիտի վերնան ապագային: Ինքնաշարժները պիտի ըլլան շատ թեթեւ, առանց աղմուկի, ելեկտրականութեամբ պիտի գործեն եւ վարորդ պիտի չունենան: Պիտի երթեւեկեն շնորհիւ ելեկտրոնական մասնաւոր ուղեղներու, որոնք ճամբորդները պիտի ապահովեն ամէն վտանգէ:

Մարդիկ Պիտի Թռչին

Այսուհանդերձ, 100 կամ 200 քիլոմեթր աւելի տարածութեան համար մարդոց փոխադրութիւնը պիտի կատարուի սաւառնակներով: Ճամբորդատար կառաշարներ պիտի վերնան եւ միայն ապրանքատարները պիտի գործածուին: Ներկայիս Աւստրալիոյ մէջ միայն ճամբաներ եւ օդակայաններ կը շինուին: Մէկ քանի տասնամակ վերջ ճամբորդատար կառաշարները գոյութիւն պիտի չունենան: Մօտաւոր տեղ մը երթալու համար մարդիկ պիտի թռչին թռիչքի մեքենաներով, որոնք պիտի գործեն հրթիռներով:

Միւս կողմէ, ապագային օդանաւով ճամբորդող մարդոց թիւը մեծապէս պիտի աւելնայ, երբ կարելի դառնայ սաւառնակներու գլխիվայր էջքը եւ գլխիվայր վերելքը: Միայն այն ատեն կարելի պիտի ըլլայ ըսել, թէ մարդը գրաւեց օդը, երբ սաւառնակները կարենան իրենց ուզած տեղը իջնել եւ անկէ վեր ելլել բնականոն կերպով: Միաժամանակ, սաւառնակներու արագութիւնը այնքան պիտի աւելնայ, որ երկրագունդի որեւէ մէկ տեղը երթալու համար վեց ժամէ աւելի ժամանակի պէտք պիտի չըլլայ:

Նաւերը Ընդծովեայ Պիտի Ըլլան

Զարմանալիօրէն, շոգենաւային ընկերութիւնները երկաթուղիի ընկերութիւններու ճակատագիրը պիտի չունենան: Ճամբորդատար նաւերը իրենց ճամբորդներուն պիտի ընծայեն հանգստաւէտութիւն, հանդարտութիւն եւ ծովու օդի վայելք, հոն, ուր օդամուղ սաւառնակները արագութեան գինովութիւնը պիտի ընծայեն: Ծփուն պալատներ պիտի շարունակուին շինուիլ ամէն անոնց համար, որոնք պիտի ուզեն ծովային ճամբորդութեան վիպապաշտութիւնը:

Սակայն ասիկա միայն ճամբորդատար նաւերուն համար պիտի ըլլայ: Առեւտրական նաւերը պիտի անհետանան: Անոնց տեղը պիտի բռնեն ընդծովեայ բեռնատար նաւերը, որոնք աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան, քան` մակերեսի նաւերը, որոնք ահագին ուժ կը սպառեն ալիքներուն եւ փոթորիկներուն յաղթելու համար: Անատական սուզանաւերը այսօր պատերազմական նաւատորմի առանձնաշնորհն են: Սակայն ապագային անոնց գործածութիւնը պիտի ընդհանրանայ առեւտրական նաւատորմի մէջ ալ:

Գործատուները

Մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ տեղի ունենալիք փոփոխութեանց մէջ ամէնէն մեծ դերը բնականաբար պիտի խաղան ամէն կարգի ելեկտրոնային ուղեղները, որոնց շնորհիւ գործատուները պիտի գործեն ինքնաբերաբար, առանց մարդոց հսկողութեան պէտք ունենալու: Միւս կողմէ, անատական ուժի գործածութիւնը իբրեւ հետեւանք պիտի ունենայ շատ աժան մղիչ ուժ, որուն շնորհիւ` արտադրութեանց արժեգինը այն աստիճան պիտի պակսի, որ կարելի է ըսել, թէ թեքնիք յառաջդիմութիւնը պիտի ջնջէ քաղաքական վէճերը, տրուած ըլլալով, որ բոլոր մարդիկ ի վիճակի պիտի ըլլան աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր բարիքները վայելելու:

Եւ տրուած ըլլալով, որ ճարտարարուեստական արտադրութիւնները չափազանց աժան եւ առատ պիտի ըլլան, բնակարաններու շինութիւնը արմատական փոփոխութեանց պիտի ենթարկուի, որովհետեւ ապագային պէտք պիտի չըլլայ շարունակ պահել առարկաներ, զորս կարելի պիտի ըլլայ հայթայթել որեւէ ժամանակ: Այս բոլոր փոփոխութեանց կողքին, միակ հարցը, որ թերեւս գոյութիւն պիտի ունենայ, պիտի ըլլայ երկրագունդի բնակչութեան մեծ չափով աճումը:

Բայց, անտարակոյս, 2063 թուականին հասնելէ շատ առաջ գոհացուցիչ կերպով կարգադրուած պիտի ըլլայ ծնունդներու հակակշռի հարցն ալ:

Share this Article
CATEGORIES